Saturday May 25, 2013

Ռոպերթօ Քարլոս Ռէալ Մատրիտ Պիտի Վերադառնա՞յ

By adminx - Sat Oct 20, 5:56 am

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ սպանական ԱՍ օրաթերթին, 39 տարեկան Ռոպերթօ Քարլոս, որ ամրան աւարտելով ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, ստանձնած էր Անժիի հետ օգնական մարզիչի պաշտօն, կը մտադրէ վերադառնալ ֆութպոլի կանաչ դաշտերը եւ միանալ իր նախկին ակումբին` Ռէալ Մատրիտի:

Ան կ՛ուզէ միանալ մայրաքաղաքի կազմին, որովհետեւ անոր կազմին ձախ պաշտպանողական գիծին մէջ ստեղծուած է զգալի եւ մեծ բաց մը` Մարսելոյի եւ Ֆապիօ Քոյենթրաոյի վիրաւորուելէն ետք:

Ռոպերթօ Քարլոս, որ 11 տարի Ռէալ Մատրիտի մաս կազմելէ ետք 2007-ին հեռացած էր խումբէն, այժմ կը պահէ իր մարզական տոկուն կազմուածքը եւ ֆիզիքապէս բաւական զօրաւոր է:

 

Leave a Reply

Advertisement