Tuesday May 21, 2013

Էշրեֆիէի Սեսին Հրապարակին Վրայ Ահաւոր Պայթում Մը Խլեց Զոհեր Եւ Վիրաւորներ. Ահաբեկչական Ականահարումին Զոհ Գնաց Գնդապետ-Զօրավար Ուիսամ Հասան

By adminx - Sat Oct 20, 7:42 am

Տարիներէ ի վեր Լիբանանէն բացակայած տհաճ եւ անբաղձալի ձայնը երէկ կէսօրէ ետք լսուեցաւ Էշրեֆիէի մէջ` մեծ խախտում մը արձանագրելով Լիբանանը համակող ապահովական կայունութեան մէջ:

Էշրեֆիէ Սեսին հրապարակի «Իպրահիմ Մունզեր» փողոցին մէջ արձանագրուած հսկայ պայթումը իր առաջին ժամերուն ցնցումներ յառաջացուց Պէյրութի եւ անոր շրջակայքին մէջ, իսկ մինչեւ գիշեր ցնցումի ալիքները բարձրացան եւ տարածուեցան ամբողջ Լիբանանի մէջ:

Էշրեֆիէն ցնցող պայթումին առաջին ժամերուն տիրեց ընդհանուր շփոթ մը, որուն ընթացքին լիբանանցիները կեդրոնացան իրենց պատկերասփիւռներուն, ձայնասփիւռին, համակարգիչին եւ բջիջայիններուն առջեւ` հետեւելով քանդումի տեսարաններուն, արիւնլուայ եւ սարսափահար քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ փրկարար աշխատանքներուն եւ շրջանի հիւանդանոցներուն մէջ տիրող խուճապի մթնոլորտին:

Պայթումէն չորս ժամ ետք միայն յստակ դարձաւ, թէ թիրախն էր ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանը:

Կէսօրէ ետք ժամը 2:48-ին, բնակիչներու մեծ թիւով խճողուած այս շրջանին մէջ պատահած այս պայթումը արձանագրուած էր հեռուէն, երբ Ուիսամ Հասանի շքախումբը մօտեցած էր «Հոնտա Սի. Ար. Վի.» ինքնաշարժի մը, որ ականուած էր 30 քիլոկրամ «Թի. Էն. Թի.» պայթուցիկ նիւթով:

Ականուած այդ ինքնաշարժին պայթումը սպաննեց Հասանը եւ անոր վարորդը` ենթասպայ Ահմետ Սահիունին, եւ այլ քաղաքացի մը:

Դէպքին վայրը փութացին լիբանանեան բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը, քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, հրշէջներու միաւորը եւ Կարմիր խաչը, որոնք աւելի քան 20 հիւանդատար ինքնաշարժներով եւ փրկարար աշխատանքներուն մասնակցող հարիւր կամաւորներով կրցան հիւանդանոց փոխադրել 110 վիրաւորներ:

Վիրաւորները փոխադրուեցան շրջանին մէջ գտնուող հիւանդանոցները` «Օթել Տիէօ», «Սեն Ժորժ» եւ «Ռըզք»:

Ուիսամ Հասանի եւ Սահիունիի դիակները այլանդակուած վիճակի մէջ հասած էին «Օթել Տիէօ» հիւանդանոց:

Մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30 արդէն իսկ բոլոր վիրաւորները փոխադրուած էին հիւանդանոց եւ թեթեւօրէն վիրաւորուած քաղաքացիները արդէն իսկ դարմանում ստացած եւ դուրս եկած էին հիւանդանոցներէն:

Նշենք, որ մեծ թիւով վիրաւորներու հիւանդանոց փոխադրութեան զուգահեռ, հիւանդանոցները անմիջական կարիք յայտնեցին բոլոր տեսակի արեան խմբաւորումներու: Այս կոչին իսկոյն ընդառաջեցին քաղաքացիները եւ գոհացուցին անոնց պահանջը:

Մարդկային վնասներուն կողքին, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին թիրախ դարձուցած պայթումէն ետք մեծագոյնը նկատուող այս պայթումը պատճառեց նաեւ նիւթական վնասներ` կիսաքանդ վիճակի մէջ ձգելով 6 շէնքեր, քանդելով մեծ թիւով վաճառատուներ եւ 15-է աւելի ինքնաշարժներ:

Շրջանին մէջ արձանագրուած վիրաւորները հիւանդանոց փոխադրելէ ետք, ապահովութեան ուժերն ու դատական իշխանութիւններուն յատուկ անձնակազմերը շրջափակեցին դէպքին վայրը` շարունակելու համար իրենց սկսած հետաքննութիւնը, բացայայտելու համար ոճրային այս արարքին դրդապատճառները:

Դէպքին վայրը այցելեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ մեկնաբանութիւններ չկատարեց:

Ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատի իր կարգին այցելեց Սեսին հրապարակ եւ ստուգելէ ետք դէպքին վայրը, խստիւ դատապարտեց քստմնելի այդ արարքը` զայն կոչելով «տգեղ» եւ երկչոտ արարք մը:

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ այդ դէպքը դատապարտելի է, եւ կառավարութիւնը իր բոլոր պարտականութիւնները պիտի կատարէ` կանխարգիլելու համար երկրին ապահովութիւնը հարուածող նման դէպքերու կրկնութիւնը:

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ փորձանքը արձանագրուած է եւ անհրաժեշտ է, որ այս հանգրուանին ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ կողմերը իրարու հետ գործակցին` պահպանելու համար Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը եւ առիթ չտալու անոնց միջեւ երկփեղկումը խորացնելու:

Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ ցաւ յայտնեց արձանագրուած դէպքին համար եւ տեսարանը կոչեց սարսափելի: «Ահաւոր այս դէպքը թիրախ դարձուցած է այս շրջանին բնակչութիւնը եւ ինքնաբերաբար ամբողջ Լիբանանին ապահովութիւնը», ըսաւ ան:

Հասան Խալիլ զօրակցութիւն յայտնեց Էշրեֆիէի բնակչութեան եւ բոլոր լիբանանցիներուն, որովհետեւ անիկա երկրին ապահովութիւնը թիրախ դարձնող գործողութիւն է:

Առողջապահութեան նախարարը շրջեցաւ բոլոր հիւանդանոցները եւ այցելեց վիրաւորներուն:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն ընտանիքներուն եւ կոչ ուղղեց անոնց երկրին գերագոյն շահերը առաջնահերթ նկատելու եւ առիթ չտալու, որ լիբանանցիները դառնան այլոց պատերազմին վառելանիւթը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց սադրանքներու չենթարկուելու եւ չյուսալքուելու կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Էշրեֆիէի մէջ արձանագրուած պայթումը նկատեց ահաբեկչութեան գագաթնակէտը` շեշտելով, որ անիկա թիրախ կը դարձնէ բոլոր լիբանանցիները եւ ամբողջ Լիբանանը:

«Ատհայի տօնին նախօրեակին նման ոճիր մը խստիւ դատապարտելի է եւ ցոյց կու տայ այդ մէկը ծրագրող ու գործադրող կողմերուն ատելութիւնը», ընդգծեց Պըրրի:

Ան կոչ ուղղեց ամբատանութիւններ չկատարելու եւ հետաքննութիւնները ձգելու դատական համապատասխան իշխանութիւններուն, որոնք պիտի բացայայտեն յանցագործները եւ պիտի պատժեն զանոնք:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ ապահովութեան բոլոր ուժերը զօրաշարժի ենթարկուած են` բացայայտելու համար ոճրային այդ արարքին դրդապատճառները:

Ան յայտնեց, որ գնդապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը վիշտ կը պատճառէ եւ անհրաժեշտ է այդ դէպքին հետ վարուիլ կառավարութեան տալիք որոշումներուն համաձայն:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խստիւ դատապարտեց ահաբեկչական այդ արարքը եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Հաֆեզ Ասատը ամբաստանեց Ուիսամ Հասանի սպանութեան յանցանքով: Ան շեշտեց, որ այդ առումով ինք երբեք լուռ պիտի չմնայ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը ամբաստանեց Ուիսամ Հասանի սպանութեան յանցանքով` աւելցնելով, որ Ասատ կը փափաքի հրկիզել ամբողջ շրջանը:

Հըզպալլա իր կարգին խստիւ դատապարտեց ոճրային այս արարքը, որ կը միտի Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնել: Ան կոչ ուղղեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ դնէ` բացայայտելու համար յանցագործները:

Երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ, Նատիմ Ժեմայէլ, Նէյլա Թուէյնի, Խալետ Տահեր, Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող երեսփոխաններ ու քաղաքական անձնաւորութիւններ սուրիական վարչակարգը ամբաստանեցին Հասանի սպանութիւնը գործելու յանցանքով:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը կանխամտածուած ոճիր է, որուն հետ պէտք է իմաստութեամբ վարուիլ: Ան նշեց, որ յստակ է, թէ այս ոճիրին նպատակն է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հարուածել:

Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս այցելեց դէպքին վայրը եւ խստիւ դատապարտեց պայթումը` ընդգծելով, որ Լիբանանը պէտք է ամրապնդէ իր ազգային միասնականութիւնը: Ան մաղթեց, որ այս դէպքը լիբանանցիներուն խիղճերը զգաստացնէ` Լիբանանի աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ այցելեցին դէպքին վայրը եւ դատապարտեցին արձանագրուած պայթումը` Հասանի սպանութիւնը նկատելով ամբողջ Լիբանանի կորուստը:

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ դատապարտեց Սեսինի պայթումը եւ զայն նկատեց երկրին ապահովական կայունութեան դէմ հարուած մը, ինչպէս նաեւ գրգռութիւններ հրահրող աքթ:

Ապահովական Կեդրոնական Խորհուրդի
Արտակարգ
Նիստ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պայթումէն անմիջապէս ետք երկրին Ապահովական կեդրոնական խորհուրդը վարչապետարանին մէջ հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակի պայթումին մանրամասնութիւնները:

Նիստէն բացակայեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի:

Մէկ ժամ տեւած նիստին աւարտին վարչապետ Միքաթի, ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան, ներքին գործոց, տեղեկատուութեան եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարներուն ուղղուեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոն, ուր անոնք զօր. Ռիֆիին ցաւակցութիւն յայտնեցին:

Վարչապետարանէն հրապարակուած շրջաբերականով մը այսօր ազգային սուգի օր յայտարարուեցաւ եւ կոչ ուղղուեցաւ փակ պահելու պետական թէ անձնական բոլոր հաստատութիւնները` յարգելով երէկուան պայթումին պատճառով զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակը:

Զօր. Ռիֆի շեշտեց, որ իրենք պիտի չյանձնուին եւ առիթ պիտի չտան երկրին ապահովական կայունութիւնը բացթողումի ենթարկելու, որպէսզի ապահովական խախտումներ կատարող կողմերը Լիբանանը թիրախ չդարձնեն:

Զօր. Ռիֆի բարձր գնահատեց նահատակ Հասանի արժանիքները եւ մաղթեց, որ նոյն ատակութեամբ կարելի ըլլայ շարունակել երկրին մէջ օրինական կերպով գործող տեղեկահաւաքի բաժանմունքին աշխատանքը: «Հակառակ անոր որ մենք ռազմավարական տիպար մը կորսնցուցած ենք, սակայն կոչ կ՛ուղղեմ լիբանանցիներուն չյուսալքուելու, որովհետեւ Լիբանան ապահով ձեռքերու մէջ է», շեշտեց զօր. Ռիֆի:

Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար Էշրեֆիէի պայթումին կապուած հարցեր:

Բողոքի Ալիք

Գնդապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան դէմ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն, երէկ գիշեր ժամը 9:00-էն սկսեալ մեծ թիւով երիտասարդներ խումբ առ խումբ փակեցին տարբեր շրջաններուն փողոցներն ու մայրուղիները` օգտագործելով հրկիզուած անիւներ:

Փակուեցան Մարզական աւանի մայրուղին, Պարպիրի, Քոլայի, Քորնիշ Մազրաայի, Մաթհաֆի, Թարիք Ժտիտէի, Վերտանի, Այշա Պաքքարի, Ռաս Նապաայի, Քարանթինայի, Հասպայայի, Նաամէի, Ժատրայի, Սայտայի եւ Զահլէ-Սաատնայէլի ճամբաները` հասնելով մինչեւ Մասնահի սահման եւ հիւսիսային Լիբանան, որ Ուիսամ Հասանի ծննդավայրն է:

Հիւսիսային Լիբանանի մէջ սակայն բողոքի ալիքը միայն Աքքարի, Պըտտաուիի եւ Թրիփոլիի հրապարակին ճամբաները փակելով չարտայայտուեցաւ, այլեւ` Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ վերսկսան կրակոցները, ինչպէս նաեւ արձանագրուեցան ձայնային ռումբերու պայթումներ` Ապի Սամրայի եւ Մալլուլէի շրջաններուն մէջ:

Պէտք է նշել, որ անծանօթ զինեալներ ինքնաշարժի մը մէջէն կրակ բացին վարչապետ Միքաթիի Թրիփոլիի տան ուղղութեամբ:

Ուշ երեկոյեան, Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան երիտասարդներ ուղղուեցան վարչապետարան, ուր անոնք բաց նստացոյցի մը սկսան` հիմնական պահանջ ունենալով Լիբանանի կառավարութեան տապալումը:

Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերու Նիստ

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երէկ ուշ երեկոյեան արտակարգ նիստ մը գումարեցին երեսփոխան Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի ապարանքին մէջ:

Նիստէն ետք Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի դէմ գործուած այս դաւադրութեան վրայէն լուռ անցնիլը պիտի չարտօնուի:

Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին սպաննող ձեռքերն են, որոնք սպաննած են նաեւ Ուիսամ Հասանը, երբ ան կը գտնուէր ոճրագործները ձերբակալելու եւ զանոնք բանտարկելու պարտականութեան վրայ:

«Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը գուժեն Ուիսամ Հասանի եւ Էշրեֆիէի նահատակներուն մահը: Կառավարութիւնը պէտք է անմիջապէս հրաժարի, իսկ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ուղղակի պատասխանատուն է Հասանի սպանութեան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Միջազգային Հակազդեցութիւններ

Էշրեֆիէն թիրախ դարձնող եւ Ուիսամ Հասանը սպաննած պայթումը արժանացաւ նաեւ միջազգային դատապարտումի, որուն շրջագիծին մէջ Վատիկան խստիւ դատապարտեց դէպքը` զայն նկատելով լիբանանցիներուն դէմ գործուած բռնարարք:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ խստիւ դատապարտեց պայթումը եւ շեշտեց, որ Լոնտոն կառչած կը մնայ Լիբանանի կառավարութեան իր զօրակցութեան` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Ուաշինկթըն դատապարտեց Էշրեֆիէի պայթումը եւ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի կացութեամբ:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն ամրապնդելու իրենց միասնականութիւնը եւ պահպանելու երկրին կայունութիւնը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս շեշտեց Լիբանանը շրջանային զարգացումներէն եւ տագնապներէն հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ: Ան դատապարտեց Սեսինի մէջ արձանագրուած պայթումը:

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճիուլիօ Թիրսի շեշտեց, որ Էշրեֆիէի պայթումը խստագոյն դատապարտումի արժանի է, որովհետեւ անիկա սպանդ կը նկատուի: Ան Իտալիոյ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս ցաւակցութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանի եւ Պըրրիի` Սեսինի պայթումին եւ Ուիսամ Հասանի սպանութեան առիթով:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութեանց պետ Քեթրին Էշթըն դատապարտեցին Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը եւ կոչ ուղղեցին բացայայտելու եւ պատժելու յանցագործները:

Սուրիոյ նախկին փոխնախագահ Ապտել Հալիմ Խատտամ շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգը Լիբանանի մէջ ապահովական համակարգ մը ստեղծած է եւ անոր պատասխանատուութիւնը յանձնած է Հըզպալլայի: Ան աւելցուց, որ Ուիսամ Հասանը սպաննելու որոշումը սուրիական վարչակարգին կողմէ շատոնց տրուած է:

Կենսագրական Գիծեր

Ուիսամ Հասան ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընհդանուր տնօրէնն էր, որ մնայուն կերպով զգուշացումներ կը ղրկէր այն անձնաւորութիւններուն, որոնք կրնային նման արարքներու թիրախ դառնալ:

1992-ին Հասան վարչապետարանի փրոթոգոլի պատասխանատու նշանակուած է` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրով: Հարիրիի վարչապետութեան նստաշրջանին ապահովական մարզին մէջ իր փորձառութիւնը ամբարելէ ետք, Ուիսամ Հասան մնայուն կերպով ներկայ գտնուած է նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ շրջանակին մէջ:

2006-ին Հասան նշանակուեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն եւ այդ օրէն սկսեալ ան իրագործեց շարք մը նուաճումներ:

Ուիսամ Հասան պատասխանատու էր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուած երկրին ապահովական կառոյցներու նախկին չորս պետերու ձերբակալման, բացայայտեց Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարող մեծ թիւով բջիջներ, իսկ վերջին ամիսներուն ընթացքին ան բացայայտած էր նախկին նախարար Միշել Սըմահայի կողմէ Լիբանան բերուած ականներուն եւ Լիբանանի մէջ պայթումներ գործելու ծրագիրները:

Ան 47 տարեկան է. ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement