Wednesday May 22, 2013

Ռապիէի Մէջ Եռակողմ Հանդիպում` ՀՅԴ-ի, Ազգային Ազատ Հոսանքի Եւ Մարատայի Ղեկավարութեանց Միջեւ

By adminx - Sat Oct 20, 7:29 am

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Երկարատեւ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բեմին վրայ արձանագրուած զարգացումները, կառավարութեան աշխատանքներուն ընթացքը, ընտրական նոր օրէնքին կապակցաբար արձանագրուած կեցուածքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետ կապուած խնդիրներ:

Քննարկումի նիւթ դարձան շրջանային իրադարձութիւնները եւ անոնց անդրադարձը Լիբանանի վրայ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement