Saturday May 18, 2013

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ ՄԱԿ-ի Մնայուն Համակարգողը

By adminx - Sat Oct 20, 7:22 am

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն համակարգող, Միացեալ ազգերու զարգացման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Տաֆինա Կերչեւան, որ կ՛աւարտէ իր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ:

Նախագահը բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի երեւանեան գրասենեակի եւ անձամբ Կերչեւայի գործունէութիւնն ու անձնական ներդրումը` Հայաստանի զարգացման միտուած ՄԱԿ-ի բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ այդ ծրագիրներու արդիւնքները, անկասկած, էապէս պիտի նպաստեն թէ՛ առանձին մարզերու մէջ յառաջընթացի խթանման, թէ՛ Հայաստանի կայուն զարգացման ընդհանրապէս: Նախագահ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթեց Տաֆինա Կերչեւային հետագայ աշխատանքին մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ ուր ալ ան շարունակէ մասնագիտական աշխատանքը` մշտապէս պիտի մնայ Հայաստանի բարեկամը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները ընդգծեցին, որ անկախացումէն ի վեր Հայաստան աշխուժօրէն կը մասնակցի ՄԱԿ-ի շրջագիծին մէջ ծաւալող աշխատանքներուն եւ արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցի կազմակերպութեան բազմաթիւ կառոյցներուն եւ օղակներուն հետ:

Կերչեւա շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ Հայաստանի կառավարութեան` իր պաշտօնավարման ամբողջ ժամանակաշրջանին անոնց ցուցաբերած աջակցութեան, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերուն մէջ բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ սերտ համագործակցութեան համար: Ան վստահեցուց, որ Հայաստանէն կը հեռանայ ջերմ յիշողութիւններով, հայ ժողովուրդի նկատմամբ մեծագոյն պատկառանքով եւ անոր պատմութեամբ ու մշակոյթով տպաւորուած:

Նաեւ` ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան
Համաշխարհային
Կազմակերպութեան
Ընդհանուր
Քարտուղարը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ նաեւ ընդունեց ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թալեպ Ռիֆային:

Նախագահը կարեւոր նկատեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Համամարդկային արժէքները եւ մշակութային բազմազանութիւնը 21-րդ դարուն. զբօսաշրջութեան նշանակութիւնը» խորագիրով միջազգային համաժողովը եւ բարձր գնահատեց ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան դերը` աշխարհի մէջ տնտեսութեան աւելի աշխուժ զարգացող ճիւղերէն մէկը նկատուող զբօսաշրջութեան զարգացման գործին մէջ:

Համաժողովի խորագիրը եւ մասնակիցներու ներկայացուցչական կազմը, հանրապետութեան ղեկավարին համոզումով, կը վկայեն, որ ատիկա հետաքրքրական, բովանդակալից եւ օգտակար եղաւ բոլոր մասնակիցներուն համար:

Թալեպ Ռիֆային գոհունակութեամբ փաստեց, որ համաժողովի շրջագիծին մէջ քննարկումները բաւական արդիւնաւէտ եղած են, միաձայն ընդունուած է երեւանեան հռչակագիր` միջմշակութային երկխօսութեան եւ մշակութային բազմազանութեան կարեւորութեան վերաբերեալ:

Զրուցակիցները յայտնեցին, որ զբօսաշրջութեան դերը մեծ է նաեւ մշակութային ժառանգութեան, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ միջմշակութային յարաբերութիւններու ձեւաւորման գործին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թալեպ Ռիֆայի միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող ծրագիրներուն, այդ մարզին մէջ Հայաստանի մէջ առկայ մեծ ներուժի եւ մարզի զարգացման նպատակով Հայաստանի յարաբերական առաւելութիւններու լիարժէք օգտագործման շուրջ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement