Sunday May 19, 2013

Եւրոպական Ընկերվարական Պատուիրակութիւնը Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

By adminx - Sat Oct 20, 7:19 am

18-19 հոկտեմբերին փաստահաւաք առաքելութեամբ Երեւան կը գտնուէր Ժողովրդավարութեան եւ համերաշխութեան համար եւրոպական ֆորումի նախաձեռնած պատուիրակութիւնը, որուն մէջ ընդգրկուած են Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ եւ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարականներու յառաջդիմական դաշինքի անդամ խորհրդարանականներ: Պատուիրակութեան նպատակն է քաղաքական ուժերու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ հանդիպումներու միջոցով պատկերացում կազմել Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք եւ նախքան նախագահական ընտրութիւնները տիրող իրավիճակին մասին: Վերջին անգամ այսպիսի պատուիրակութիւն մը նոյն նպատակով Երեւան ժամանած էր մայիս 2007-ին` խորհրդարանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք:

Եւրոպական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին Պուլկարական ընկերվարական կուսակցութեան անդամ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան եւ Եւրանեսթի խորհրդարանական ժողովի համանախագահ Քրիսթիան Վիկենինն եւ Եւրոպական ֆորումի փոխնախագահ Եան Մարինուս Ուիերզման: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սպանիոյ ընկերվարական աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ, Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Մարիա Մունիզ տը Ուրքիզան եւ Հունգարական ընկերվարական կուսակցութեան անդամ, Եւրոպական խորհրդարանի Եւրոպական միութիւն- Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի անդամ Էտիթ Հերցոկը  եւ Ալֆրետ Մոզեր հիմնադրամի նախագահ Անտրէ Գերիցը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ պատուիրակութիւնը ընդունեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որուն կ՛ընկերակցէր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Եւրոպական պատուիրակութեան կը հետաքրքրէր ՀՅԴ-ի գնահատականը Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին, նախորդ խորհրդարանական եւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ: Եւրոպացի խորհրդարանականներուն կը հետաքրքրէր նաեւ ՀՅԴ-ի մօտեցումները Հայաստանի դրացիներուն հետ յարաբերութիւններուն, յատկապէս` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ արցախեան տագնապին վերաբերեալ:

Քննարկուեցան նաեւ ՀՅԴ-Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Առաւօտեան եւրոպական պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ քաղաքացիական հասարակութեան չորս ներկայացուցիչներու հետ, որոնց շարքին էր «Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամի տնօրէն Մարիա Թիթիզեան:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement