Կիւլենի Շարժումը Կ՛ուզէ Քանդել Սղերդի Հայկական Եկեղեցին
By adminx - Sat Oct 20, 7:17 am
- 0 Comments
- 85 views
- Tweet
Email
Print
«Մարմարա» կը գրէ, որ Հայկական բարձրաւանդակի զանազան վայրերուն մէջ մնացած հայկական եկեղեցիները հետզհետէ օրակարգի նիւթ դառնալու սկսած են, եւ յայտնի է, որ հետզհետէ կը ստեղծուի այդ հնութիւնները պահել-պահպանելու տրամադրութիւն մը, որ նախապէս չկար կամ թաքուն կը պահուէր: Ընդհանուր տպաւորութիւնը այն էր, որ պետութիւնն ու ժողովուրդը ձեռք ձեռքի տուած էին, որպէսզի բոլորովին մէջտեղէն վերցուէին բոլոր այն մնացորդները, որոնք կը վկայէին հին հայկական եկեղեցիներու կամ վանքերու գոյութիւնը: Հիմա բան մը փոխուած է: Եւ իրաւունք ունինք մտածելու, որ այս փոփոխութեան առաջին քայլը եկաւ Աղթամարի եկեղեցին վերանորոգելու եւ տարին անգամ մը գոնէ զայն պաշտամունքի ալ բանալու որոշումով:
Այս մասին նորագոյն լուրը կը վերաբերի Սղերդի Էրուհ գաւառակի կեդրոնական Տըհ թաղամասի այն հողամասին, ուր կը պնդուի, թէ հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին կար կամ կայ: Ֆեթհուլլահ Կիւլենի անունով հիմնուած հիմնարկը կ՛ուզէ գնել այս հողամասը եւ հոն դպրոց մը կառուցել: Հիմնարկը անկարեւոր կը նկատէ հոն հայկական հին եկեղեցւոյ մը գոյութիւն ունեցած ըլլալը ու այդ հնութեան ներկայացուցած պատմական արժէքը: Հիմնարկը մշակութային նախարարութենէն ապահոված է փաստաթուղթ մը այն մասին, թէ հոն եկեղեցիի մը արձանագրութիւնը գոյութիւն չունի: Այս փաստաթուղթին վրայ հիմնուելով` հիմնարկը կ՛ուզէ արդարացնել դպրոցի շինութիւնը, հակառակ անոր որ տեղւոյն վրայ ամէն մարդ գիտէ, որ հոն կար եկեղեցի մը, որուն որոշ մասերը տակաւին կը մնան հողին վրայ, իսկ հողին տակ կը մնան եկեղեցւոյ սենեակներն ու պատերը:
Ժողովուրդը եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ քաղաքապետական քննիչները առարկած են դպրոցի շինութեան որոշումին դէմ, բայց իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ երկու երեսփոխաններ ու թաղամասի գիւղապետը ամէն ճիգ կը թափեն, որպէսզի եկեղեցւոյ մնացեալ մասը եւս քանդուի եւ անոր տեղ դպրոցը կառուցուի:
Քաղաքապետութեան պաշտօնական արձանագրութեան համաձայն, այդ հողամասը հիմա «կանաչ դաշտ» է: Մինչդեռ ամէն մարդ գիտէ, որ հոն եկեղեցի մը կար ու ամէն տարի, 10 ապրիլին, մոմեր կը վառուէին եւ արարողութիւն կը կատարուէր հոն: Հիմնարկը եւ նահանգապետը կ՛անտեսեն այդ տուեալները եւ կը պաշտպանեն դպրոց կառուցելու որոշումը: Ուրիշներ կը պնդեն, որ այդ հողամասը պէտք է պատմական հնութիւն նկատուի եւ պեղումներով մէջտեղ հանուի եկեղեցին: Անոնք պիտի յաջողի՞ն արգելք հանդիսանալ, թէ հիմնարկն ու նահանգապետը պիտի իրականացնեն իրենց ծրագիրը:
- 0 Comments
- 85 views
- Tweet
Email
Print



