Thursday May 16, 2013

Ատհայի Զինադադարին Յանձնառութիւն Ստանձնելու Կոչեր

By adminx - Sat Oct 20, 7:13 am

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի «եղբայրական Սուրիոյ վարչակարգին» կոչ ուղղեց` Ատհայի տօնին առիթով բոլոր ճակատներուն վրայ բախումները դադրեցնելու` իբրեւ նախաքայլ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան վերջնականապէս կասեցման:

Ան ըսաւ, որ Եգիպտոս Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար շրջանային եւ միջազգային բոլոր մակարդակներուն վրայ բոլոր ջանքերը կը թափէ:

Խօսելով տագնապի լուծման եգիպտական նախաձեռնութեան մասին` Մուրսի ըսաւ, որ այդ նախաձեռնութիւնը փակ չէ, այլ բոլորը կ՛ընդունի եւ անոր նպատակն է ընդդիմութիւնը միացնել, իշխանութեան փոխանցման հոլովոյթ մը կազմակերպել եւ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւնը, ապահովութիւնը եւ անվտանգութիւնը վերականգնել լուծումներով, որոնք չեն պարունակեր կացութիւնը վատթարացնող ու բարդացնող որեւէ արտաքին զինուորական միջամտութիւն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին Սուրիոյ տագնապի կողմերուն կոչ ուղղեց Ատհայի զինադադարին յանձնառու ըլլալու:

Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Թուրքիա սուրիական օդանաւին Անգարայի մէջ էջք կատարել պարտադրելը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ հարց մը չի նկատեր»` նշելով, որ դէպքին առաջին վայրկեաններէն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած են: Ան ընդգծեց, որ «այս հարցին շուրջ երկարատեւ վէճի պատճառ չկայ»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի յայտնեց, որ «մենք հանդարտեցումը կ՛ուզենք, որովհետեւ կ՛ուզենք սուրիացի ժողովուրդի բոլոր խմբակներուն միջեւ երկխօսութեան առաջնորդող մթնոլորտը  բարելաւել»: Ան նշեց, որ 12 ապրիլին եւս Դամասկոսի մէջ զինադադար հաստատուեցաւ, սակայն «զինադադարը խախտողը կառավարութիւնը չէր»:

Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով նախկին պատուիրակ Քոֆի Անան Ուաշինկթընի մէջ յայտնեց, որ «Իրան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը պիտի ընդունի, եթէ այդ տապալումը երկրին մէջ ընտրութիւններու արդիւնք ըլլայ»:

Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հալէպի Աթարեպ եւ Սաֆիր թաղամասերուն մէջ Սուրիոյ բանակին կողմէ ընդդիմադիր զինեալներէն բացի սպաննուած է անոնց կողքին կռուող ազրպէյճանցի քաղաքացի մը` Հասին Քազլին, ինչպէս նաեւ զինեալ խմբաւորումներէն մէկուն ղեկավարը` Ուպէյտա Մասրին:

Leave a Reply

Advertisement