Wednesday Jun 19, 2013

Եւրոպական Միութեան Գերաստիճանը Եւրոյի Գօտիի Դրամատուներու Հսկիչ Մարմինին Շուրջ Փոխզիջումնային Համաձայնութիւն Մը Գոյացուց

By adminx - Sat Oct 20, 7:11 am

Մերքել եւ Հոլլանտ

Եւրոպական Միութեան ղեկավարները Եւրոյի գօտիի դրամատուներու հսկիչ մարմին մը ստեղծելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցին, որոշում մը, որ դրամատնային միութեան հաստատման ուղղութեամբ մեծ քայլ մը կը նկատուի: Որոշումին օրէնսդրական ծիրը պիտի վաւերացուի 1 յունուար 2013-ին, որմէ ետք մարմինը պիտի սկսի իր գործունէութեան:

Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան ղեկավարութեամբ մեքանիզմը Եւրոյի գօտիին մէջ որեւէ դրամատան աշխատանքին միջամտելու իշխանութիւն պիտի ունենայ:

Համաձայնութիւնը կը թուի փոխզիջում մը ըլլալ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ, որոնք նախապէս տարակարծիք էին ժամկէտին եւ Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան հսկողութեան տակ առնուելիք դրամատուներու թիւին շուրջ:

Ֆրանսա եւ Եւրոպական խորհուրդը կ՛ուզէին միացեալ դրամատնային վերահսկողութիւն մը, որուն մէջ Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատունը յառաջատար դերակատարութիւն ունենար եւ մեքանիզմը յունուար 2013-ին գործէր: Իսկ Գերմանիա կ՛ուզէր, որ Եւրոպայի Կեդրոնական դրամատան վերահսկողութեան տակ գտնուող դրամատուներուն թիւը սահմանափակ ըլլայ եւ Գերմանիոյ դաշնակցային շրջաններու տնտեսութեան եւ ելեւմուտքին մէջ կարեւոր դեր խաղացող պետական «Լանտըսպանքերը» այդ վերահսկողութենէն դուրս մնան:

Առաջարկուած բանաձեւով Եւրոյի գօտիի անդամ 17 պետութեանց վեց հազար դրամատուներուն բոլորը պիտի ըլլան գոյանալիք մարմինին վերահսկողութեան տակ:

 

Leave a Reply

Advertisement