Tuesday May 21, 2013

Օպամա Եւ Ռոմնի Ընթրած Են Ոչ Պաշտօնական Մթնոլորտի Մէջ

By adminx - Sat Oct 20, 7:09 am

Օպամա, կարտինալ Տոլըն եւ Ռոմնի

Vz.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուներ Պարաք Օպամա եւ Միթ Ռոմնի իրենց պատկերասփռուած հերթական բանավէճէն երկու օր ետք Նիւ Եորքի մէջ սեղանի մը շուրջ հանդիպած են: Անոնք մասնակցած են Նիւ Եորքի կաթողիկէ արքեպիսկոպոսութեան կազմակերպած տարեկան ընթրիքին, որ տեղի ունեցած է «Ուոլտորֆ-Ասթորիա» պանդոկին մէջ:

«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» կը հաղորդէ, որ երեկոյի գլխաւոր հիւրերը նստած են կարտինալ Թիմըթի Տոլընի աջ եւ ձախ կողմերը: Անոնք զիրար չեն անտեսած, այլ շատ կատակած են: Օրինակ` Ռոմնի յայտարարած է, որ իր եւ Օպամայի ընտրական պայքարներուն մէջ գոյութիւն ունի մէկ կարեւոր մարդ, որոնցմէ իրենք կախեալ են: «Ինծի համար ան իմ գեղեցկուհի կինս է` Էնը, իսկ Պարաքի համար` Պիլ Քլինթընը», ըսած է ան:

«Ուոլտորֆ- Ասթորիա» պանդոկին մէջ սարքուած տարեկան ընթրիքը տեղի կ՛ունենայ Ամերիկայի պատմութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան առաջին կաթողիկէ թեկնածու (1928-ի ընտրութիւն), Նիւ Եորքի նախկին նահանգապետ, դեմոկրատական Ալ Սիթի յիշատակին:

Leave a Reply

Advertisement