Wednesday May 22, 2013

Վատիկանի Եպիսկոպոսաց Համագումարին Ուղղած Իր Խօսքին Մէջ . «Հոգեւոր Եւ Բարոյական Արժէքներու Տարածումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է» Շեշտեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Կաթողիկոս

By adminx - Sat Oct 20, 7:04 am

Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին հրաւէրով ու նախագահութեամբ Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ եպիսկոպոսաց համագումար` «Նոր Աւետարանչութիւն` ի խնդիր քրիստոնէական հաւատքի տարածման» բնաբանով:

Յիշեալ համագումարին ուղղած իր պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով աւետարանչութեան նոր մղում տալու անհրաժեշտութեան, կ՛ըսէ. «Աւետարանչութիւնը, այլ խօսքով քրիստոնէական արժէքներու ու սկզբունքներու տարածումը, եկեղեցւոյ գոյութեան պատճառն է: Անիկա Քրիստոսի կողմէ տրուած պատուէր է եկեղեցւոյ: Անհրաժեշտ է ընդառաջել այդ պատուէրին, յատկապէս հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու անկում ապրող ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ, վերանորոգելով եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը` ի խնդիր քրիստոնէական առաքելութեան ու աւետարանչութեան առաւել ազդու կենսագործման: Սա մեծագոյն հրամայականն է այսօր եկեղեցւոյ դիմաց», կը հաստատէ վեհափառ հայրապետը: Ապա կ՛աւելցնէ. «Եկեղեցւոյ աւետարանչական կոչումին հզօրացումը միայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ առնչուած խնդիր չէ. անիկա համաքրիստոնէական առաջնահերթութիւն է: Բոլոր եկեղեցիները կոչուած են, իւրաքանչիւրը տեղական պայմաններուն համապատասխան մօտեցումով, յատուկ կարեւորութիւն ընծայելու հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու տարածման: Սա դիւրին առաքելութիւն մը չէ համաշխարհայնացման ժխտական ուժերով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ: Սակայն հակառակ այս իրողութեան, եկեղեցին պէտք է հաւատարիմ մնայ իր կոչումին»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի աւարտին կ՛ողջունէ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին նախաձեռնութիւնը, իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուղղած անոր հրաւէրին համար` յիշեցնելով, որ եկեղեցիներ առաւելագոյն չափով պէտք է գործակցին իրենց առաքելութեան ու աւետարանչութեան ճամբուն վրայ:

Վեհափառ հայրապետին պատգամը համագումարին կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Մասիս վրդ. Զօպույեան` ներկայութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին: Յայտնենք, որ հայր սուրբը նաեւ պապին ներկայացուց վեհափառ հայրապետին եղբայրական ողջոյնները:

Leave a Reply

Advertisement