Thursday Jun 20, 2013

Յակոբ Մեղապարտի Յուշարձանին Բարերարը` Զմմառու Վանքին Մէջ

By adminx - Sat Oct 20, 6:59 am

Հինգշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Զմմառու վանք այցելեցին Լիբանանի մէջ լատին եկեղեցւոյ առաջնորդ գերապայծառ Փոլ Տահտահ եւ վանքի բարերար Լուի Էբիկեան: Միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդը եւ վարչական հայրերը ընդունեցին պատուոյ հիւրերը վանքի դահլիճին մէջ:

Զմմառու անուշ գինին համտեսելէ ետք հիւրերը հերթաբար այցելեցին Զմմառու եկեղեցին, թանգարանը, մատենադարանը եւ գինեմառանը:

Ուիլիամ եւ Լուի Էբիկեան եղբայրները Զմմառու վանքի մուտքի հրապարակին անկիւնը կանգնած Յակոբ Մեղապարտի յուշարձանին  բարերարները եղան` ստանձնելով անոր ամբողջ ծախսերը: Իսկ Հռոմի Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան պապը սոյն յուշարձանին բացումը կատարեց 15 սեպտեմբերին` Լիբանան իր այցելութեան ընթացքին:

Հրաժեշտի պահուն Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր մատրան մէջ մեծաւոր հայրը Զմմառու Տիրամօր սրբանկարը նուիրեց Լուի Էբիկեանին` իբրեւ երախտագիտութիւն իր առատաձեռն նուիրատուութեան: Նաեւ Զմմառու անուշ գինիներէն ընտրանի մը նուիրուեցաւ բոլոր հիւրերուն: Անոնք մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան վանքէն` իրենց սրտին մէջ պահելով անմար յիշատակ մը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement