Միջին Արեւելքի Կամ Արաբական Աշխարհի Պատմական Եւ Ծաղկուն Հայկական Գաղութները Այսօր
By adminx - Sat Oct 20, 5:46 am
- 0 Comments
- 73 views
- Tweet
Email
Print
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
20-րդ դարու սկիզբը աղէտալի եղաւ հայ ժողովուրդին համար: Աղէտին պատճառով տարագրուած հայը գլուխ պահելու տեղ գտաւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ, արաբական աշխարհի տարածքին, անապատներէն ճամբայ ելլելով դէպի մեր ապրած երկիրները: Եգիպտոսի մէջ հինէն ի վեր հայկական գաղութ մը եղած է: Մեծանուն հայորդի Նուպար Փաշային անունը եւ կարեւոր ներդրումը Եգիպտոսի մէջ իբրեւ բարեկարգիչ, արաբ ժողովուրդին շնորհած իր բարիքներով, աշխատանքային, երկրագործական մարզերը զարգացնելու ներդրումով, անգնահատելի եղած է: Եգիպտոս ներգրաւեց հայ ժողովուրդի զաւակները, մասնաւորաբար` մտաւորական եւ առեւտրական դաշտերու տիրապետած ականաւոր հայերը: Գաղութը ծաղկած է մշակութային , կրթական եւ մամուլի ոլորտին մէջ: Հոն հիմը դրուած է ՀԲԸՄ-ի եւ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան: Հայկական բարեսիրական միութիւններ լայն գործունէութիւն ունեցած են Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուր հիմնուած են եկեղեցիներ, վարժարաններ:
Մեր այս ամփոփ վերյիշումով կարելի չէ կարկինը լայն բանալ եւ Եգիպտոսի ընձեռած հայկական կեանքի զարգացման պատկերը պարզել: Հայ ժողովուրդը որքան ալ եղած ըլլայ իր ապրած երկրին հաւատարիմ քաղաքացին ենթարկուած է տեղւոյն քաղաքական վերիվայրումներուն: Իշխանութեան տիրանալու տենչեր, վարչաձեւեր տապալելու եւ նորը հիմնելու բախումները անպակաս եղած են Եգիպտոսի մէջ, բայց մեր ակնարկը կ՛ուզենք կեդրոնացնել 20-րդ դարու քաղաքական անցուդարձերու, երբ թագաւորութիւն ունեցող Եգիպտոս տեսաւ իր անկումը:
Նասըրական շարժումը նոր յեղաշրջում բերաւ համայն Եգիպտոսի, նոյնիսկ` Եգիպտոսէն դուրս: Հայ գաղութը շատ տուժեց վարչակարգի այդ փոփոխութենէն, հետզհետէ թիւ կորսնցուց` ստեղծելով ներկայի փոքրաթիւ գաղութը:
Իրաք
Դարերու ընթացքին հայեր հաստատուած են Իրաք, մայրաքաղաք Պաղտատէն մինչեւ միւս քաղաքները: Ձեռներէց, աշխատասէր եւ ստեղծագործ հայը ունեցաւ բարգաւաճ տնտեսութիւն, կառուցեց եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ ակումբներ մասնաւորաբար յետեղեռնի Իրաք եղաւ արաբական անապատներէն հայորդիներ, որբեր փրկելու վայր մը: Ունեցաւ տուն ու տեղ, կալուած հարստութիւն: Փայլեցաւ հայ կեանքը մինչեւ 20-րդ դարու վերջին քսան տարիները, երբ ծայր տուաւ իշխանութիւններու հակամարտութիւնը, մինչեւ Սատտամ Հիւսէյնի անփառունակ վախճանը: Կազմալուծուեցաւ շէն գաղութը, քանդուեցաւ, մանրացաւ կազմակերպուած համայնքը:
Այս կացութիւններուն մէջ հայը, ստիպուած, գաղթեց դէպի Արեւմուտք` նոր գաղութներ հիմնելով Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Քանատա, մինչեւ Աւստրալիա եւ Եւրոպական երկիրներ:
Որքա՜ն հարազատ է հայուն ճակատագրին, տխուր փորձառութեամբ հիւսուած երգը.
«Ծիծեռնարկը բոյն կը շինէ,
Եւ կը շինէ եւ կ՛երգէ,
Ամէն մի շիւղ որ կպցնէ
Իր հին բոյնը կը յիշէ»…
Դարերու ընթացքին թշնամի ժողովուրդներու, նախանձոտ դրացիներու յարձակումներուն զոհը եղաւ հայը:
20-րդ դարը եղաւ հայ ժողովուրդին տառապանքին եւ ապա ծաղկումին ժամանակաշրջանը:
Սուրիա
Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքին դիմաց փրկութեան դուռ ու դարպաս եղաւ Սուրիան իր պատմական քաղաքներով: Հալէպը նախ, ապա` Դամասկոս մայրաքաղաքը: Տէր Զօրը` սեւ ու սուգի յիշատակ մը միայն:
Ջարդերէն հրաշքով փրկուածներու ապաստան եղաւ Սուրիա` իր քաղաքներով, աւաններով: Թուրքիոյ սահմանի երկայնքին իր գիւղ ու քաղաքներու մէջ պատսպարուած հայ ժողովուրդը շինեց, կառուցեց, ծաղկեցուց` երախտագիտական իր զգացումները արտայայտելով Սուրիոյ պետութեան եւ ժողովուրդին: Հալէպ բարգաւաճ քաղաքը կը յիշեցնէր Կիլիկիան, դրացի հայաշխարհը, Քիլիս, Այնթապ, Մարաշ, Զէյթուն, Ատանա, Սիս, Հաճըն իրենց մնացորդացով տեղաւորուեցան Հալէպի, Դամասկոսի մէջ, վերադարձի յոյսով, «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա» երգելով:
Կազմակերպուած գաղութներ եղան Գամիշլին եւ իր շրջակայքը: Համա եւ Հոմս քաղաքները հարազատ անուններ եղան հայ գաղթականներու շրթունքին: Ընտելացան տեղացիներուն եւ անոնց լեզուն սորվեցան, հիմնեցին եկեղեցի եւ դպրոց, սերունդներ աճեցան խաղաղ երկինքի տակ: Կասիոս լերան կողերուն եւ ստորոտին Քեսապ պահեց իր տոհմիկ աւանդութիւնները, դիմադրեց օսմանեան հալածանքին` պահպանելով հայակերտումի իր յառաջընթացը: Սուրիոյ ծովափին մօտիկ ըլլալով` եղբայրական դրացնութիւն ծաղկեցուց Լաթաքիա քաղաքին հետ, վայելելով երկրին բարիքները, վարուցանի աշխատանքով հնձելով եւ քաղելով, իր քրտնաջան աշխատանքին պտուղները:
Երկրին իշխանութիւնները կը ջանային գոհացնել ժողովուրդին աշխատանքային եւ արդիւնաբերական առօրեան: Ծոյլեր չկային: Բերրի էր հողը Սուրիոյ, իր ցորենի ու բամպակի առատ բերքով, արտ ու այգիներով, արօտավայրերով, խաշնարածային տնտեսութեամբ: Մեղր ու կաթի երկիր Սուրիան պարբերաբար կ՛ունենար իր քաղաքական խռովութիւնները: 1950-ական թուականներէն առաջ ու ետք լսուեցան հակառակութիւններ եւ թշնամական ձայներ: Բնական իրադարձութիւններ նկատուեցան փառատենչութիւնները: Խաղաղութիւնը կը հաստատուէր, բայց խռովարարներ չէին քնանար: Չէ մոռցուած 1960-ական թուականին ծագած ցաւալի ու ցնցիչ հարուածները` իջած հալէպահայութեան գլխուն: Արտագաղթ մը սկսաւ դէպի Լիբանան եւ արտասահման: Հազիւ անցած 5-6 տարի, Հաֆեզ Ասատի իշխանութեան անցնիլը հանդարտութիւն բերաւ երկրին:
Փառատենչութիւնը միայն մարդկային-անհատական թերութիւն չէ: Նախանձը կը տիրապետէ ոչ միայն մարդուն հոգիին, այլեւ` երկիրներու ղեկավարներուն. Սատտամ Հիւսէյն (Իրաք), Հիւսնի Մուպարաք (Եգիպտոս), Մուամմար Քազզաֆի (Լիպիա) անհետացած նախագահներ են այսօր: Անոնց փոխարէն` եկան այլ նախագահներ, իշխանաւոր աւագանիներ, բայց տակաւին մահն ու աւերը, պայթումներ ու քանդումներ ամէնօրեայ սարսափ կը սերմանեն: Մէկուկէս տարիէ ի վեր հերթը եկած է Սուրիոյ երիտասարդ նախագահ Պաշշար Ասատին: Տակն ու վրայ են սուրիական բոլոր տարածքները, Դամասկոս եւ Հալէպ անճանաչելի քաղաքներ դարձան: Երկրէն փախուստ, դէպի Թուրքիա եւ դրացի երկիրներ գաղթողներու թիւը բազմացաւ: Հայկական գաղութը դէպի Հայաստան ալ ուղղուեցաւ: Բարգաւաճ երկիրը խանգարուեցաւ: Աւեր, մահ ու քանդում, տնտեսութեան անկում եւ մտահոգութիւն` վաղուան մասին:
Ինչո՞ւ կ՛ենթարկուինք անապահովութեան: Ինչո՞ւ մեր կազմակերպ, աշխատունակ, ծաղկուն կեանքը կանգ կ՛առնէ անակնկալ, անսպասելի մէկ ժամուն: Յանկարծակի յեղաշրջում: Գլուխ պահելու տեղ կը փնտռենք: Եգիպտոս, Իրաք, Սուրիա, Լիբանան… Մեր երկրին մասին չենք ուզեր արձանագրել տագնապներու տեսականին: Մինչեւ օրս ելեկտրականութեան տագնապ, տնտեսութեան անկում, այլազան մտահոգութիւններ: Կը հաշուենք տխուր իրադարձութիւններու ցանկը: Այսօր Հալէպն է ամէնէն տագնապալին: Թուրքը ներկայութիւն է սահմանին: Այս հարցն իսկ կը բաւէ տագնապելու Հալէպի հայկական գաղութով: Արամ Ա. կաթողիկոս քանիցս պատուիրեց օգնութեան հասնիլ: Ամէն գնով օգնել երէկ բարգաւաճ, այսօր օգնութեան կարօտ մեր ժողովուրդին:
Գաղութներ, գաղութներ, շէն ու պայծառ գաղութներ, մեր արիւն-քրտինքով կազմաւորուած հիանալի գաղութներ: Մենք պիտի մնանք հոն, ուր որ ենք, թող թշնամիները անհետանան, խաղաղութիւնը պիտի գայ անպայման:
Հայրենիք ունինք, նոյն տագնապով կը տանջուի: Թուրքն ու ազերին կը ցանկան ոչնչացնել մեզ: Չի՛ կրնար ըլլալ…
Յիշենք անմահանուն մեր բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը, անգամ մը եւս գոչենք իրեն հետ, թուրքին ուղղուած պատգամը.
«Պիտի իյնաս` անկասկած
Եւ ալ ի սպառ անյարիր,
Պիտի մնաս գետնին վրայ ճանկռտելով հողը դեռ…»:
Յուսահատութիւնը հայուն վայել չէ…:
11 սեպտեմբեր, 2012
- 0 Comments
- 73 views
- Tweet
Email
Print



