Մարօ Այնթապլեանի Յիշատակին
By adminx - Sat Oct 20, 5:38 am
- 0 Comments
- 135 views
- Tweet
Email
Print
ԽԱՉԻԿ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
«Փոփս Մարոն մեռաւ, թաղումը վաղը երկուքին է»… բջիջայինիս վրայ էր:
Վաղը Խաչվերաց է… նուազագոյնը երեսուն տարի յաջորդաբար այս օրը վարժ եմ քեզմէ անուանակոչութեանս առիթով շնորհաւորութիւն ստանալ, որեւէ կերպով, որեւէ միջոցով:
Դարձեալ քեզմէ լուր մը… սակայն տարբեր նիւթով:
Բջիջայինիս վրայ արձանագրուած տողին առաջին երեք բառերը կարդալով մտայիշողութիւնս մէկ ուղի կը ստանայ:
«Մի՛ մտահոգուիր Մարօ, բառ առ բառ միտքս պահած եմ գրելիքներս. դուն մեռիր, ես դամբանականդ քու բառերովդ կը գրեմ… », ըսի:
Ի՞նչ խոստում… ինչպէ՞ս խոստացեր եմ…
Երեք տարի առաջ, երբ վերջին հրաժեշտի այցելութեան եկանք քովդ… իսկապէս այլափոխուած դէմքիդ ու մարմնիդ դիմաց ապշած մտիկ կ՛ընէինք քեզի, երբ կ՛ըսէիր, թէ պարզ փորի ցաւ մը մեծցուցին բժիշկները եւ կ՛ըսեն, թէ «անկէ է…». վաղը կը տեսնէք , շատ լաւ պիտի ըլլամ…
Իսկապէս ալ, վերջին քանի մը ամիսներուն մարդ չէր կրնար հաւատալ, թէ անհանգստութիւն մը անցուցած ես…
Արդեօք ե՞ս ալ նոյն համոզումով, որ դուն դիւրին – դիւրին մեռնող չես, ընկեր Վարդգէս Հայրապետեանի քառասունքին` տեղի տալով քու զուարճախօսութեամբ ու համեստութեամբ փախցուցած խօսքերուդ, խոստացայ դամբանականդ քու բառերովդ գրել:
Ներէ՛ ինծի ընկերուհի` թաղմանդ արարողութեան ներկայ չըլլալուս.
Ինչպէս նաեւ ներէ դամբանականդ չկարդալուս …
Վարժ ես, ամբողջ կեանքիդ ընթացքին ամէնուն հասնելու… սակայն ոչ մէկը քեզի :
Վարժ ես չէ՞ ամէնուն պահանջները գոհացնելու, բայց ոչ մէկը պահանջդ կը կատարէ:
Խոստումս չկատարելով սակայն, կարծես մեղք քաւելու պարտականութեամբ կ՛արձանագրեմ այս տողերը:
12 – 13 տարեկան պատանի էի, երբ ծանօթացայ երիտասարդ հայ օրիորդի մը, որ երկաթ մը բռնած միջամտեց «ձեզ բերող նաւուն» կռիւներէն մէկուն. եւ ի տես ասոր, թաղի բոլոր վաճառականները հոն վազելով սկսան զինք հանդարտեցնել` ըսելով. «Ո՞վ կը համարձակի Փոփս Մարոյին նեղացնել»:
Պատերազմի օրերը եկան. իմացայ, թէ Մարոն նոյնիսկ շարքային կուսակցական է. առաւել` մնայուն ներկայութիւն ակումբին մէջ, ստանձնելով ամէնէն համեստ պարտականութիւնները, որոնք մանաւանդ ակումբի առօրեային հետ կապուած էին, ինչպէս նաեւ ակումբի տղոց խնամքին եւ հանգստութեան:
Վարչական կամ ոչ` ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն նուիրուած եւ զանոնք իր առօրեան դարձուցած ընկերուհին էր :
Ընկերուհին առանց պաշտօնական կամ վաւերական վկայականի ծառայութեան գրասենեակ մըն էր` դպրոց, ծերանոց, Ազունիէ, հիւանդանոցներ, երեսփոխաններ թէ նախարարներ դարձուցած էր ընկերային ծառայութեան իր աշխատանքի դաշտերը:
Մտահոգութիւն էր իրեն համար հայ երիտասարդներու ամուսնութիւնը եւ յաճախ` ժողովներու մէջ տարօրինակ, սակայն գործադրելի պատկերացումներ կը հրամցնէր:
Մտահոգութիւն էր իրեն համար մեր հարուստ, անտէր ծերունիներու «որդեգրում»-ը :
Մտահոգութիւն էր հայերու կալուածներու անտէր մնալը:
Մտահոգութիւն էր մեր շրջանի հայաթափումը. եւ մեղադրելի էին անշուշտ իրերայաջորդ կոմիտէները, որոնք իր պատկերացումները անտեսելով այս վիճակին հասցուցած էին ՄԵՐ շրջանը :
Ընկերուհի Մարօ, ոեւէ մէկուն հետ քէն, ոխ, նեղութիւն չես պահած… վստահ եղիր, որ այսօր բոլոր քեզի ճանչցողները կը սգան կորուստդ եւ թէ քու նմանդ ընկերուհի բնաւ պիտի չունենան:
Հանգիստ ննջէ ընկերուհի Մարօ…
Եւ եկուր երկուքս ալ վստահօրէն ընդունինք…
Բոլոր քեզի ճանչցողները շատ լաւ պատկերացնելով, թէ ի՛նչ կրնայիր ուզել իբրեւ դամբանական կարդալ քեզի… յուզուած ժպիտով մը կը լսեն զայն:
- 0 Comments
- 135 views
- Tweet
Email
Print



