Friday May 24, 2013

Միլիառաւոր Ադամանդներ

By adminx - Sat Oct 20, 5:32 am

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սիպերիոյ մէջ գոյութիւն ունի ադամանդներու հսկայական հանք մը: Կ՛ըսուի, թէ անիկա կը պարունակէ աշխարհի բոլոր հանքերուն մէջ գտնուող ադամանդներէն աւելի շատ ադամանդ:

Սիպերիա Ռուսիոյ մաս կը կազմէ եւ կը գտնուի Ասիոյ հիւսիսը:

Այս ընդարձակ շրջանին արեւելքն է, որ կը գտնուի ադամանդի հսկայական հանք մը` Փոփիկայիի հանքը: Անիկա փորուած է 35 միլիոն տարիներ առաջ, երկնաքարի մը անկումէն յառաջացած հսկայկան փոսի մը մէջ: Այս բախումը ստեղծած է ցնցումի ալիք մը, որ հողին մէջի կրաֆիթը (հանքային նիւթ մը) անմիջականօրէն պզտիկ ադամանդներու վերածուած է:

Ռուսերը յայտարարեցին այս հանքին գոյութիւնը:

***

Սակայն անոնք այս հանքը շատոնց գտած էին, 1970-ական թուականներուն: Այդ ժամանակաշրջանին անոնք ոչինչ ըսին, որովհետեւ անոնք Պաղ պատերազմի վիճակի մէջ էին Միացեալ Նահանգներուն հետ: Հետեւաբար, անոնք կը նախընտրէին այս հանքին գոյութիւնը գաղտնի պահել: Մինչեւ այսօր անոնք այդ հանքին միայն 0,3 առ հարիւրը հետախուզած են: Այդ պզտիկ բաժինին մէջ անոնք արդէն 147 միլիառ քարաթ գտած են (քարաթը յարգի քարերուն ծանրութիւնը չափելու միաւորն է 1 քարաթ = 0,2 կրամ)

Հանքը ընդամէնը կրնայ պարունակել 10 հազար միլիառ քարաթ, աւելի քան` աշխարհի բոլոր հանքներու մէջ գտնուող ադամանդները: Այս հանքին գոյութիւնը կրնայ ադամանդի շուկային վրայ ցնցում յառաջացնել:

Գիտէի՞ր, Թէ…

- Փոփիկայիի պահեստին ադամանդները շատ մեծ որակի քարեր են: Անոնք կը նմանին 0,5 – 2 մմ մեծութեամբ պզտիկ, մոխրագոյն, դեղին կամ կապոյտ հատիկներու:

- Անոնք պիտի ծառայեն յատկապէս ճարտարարուեստին մէջ, օդանաւերու ինքնաշարժներ շինելու համար: Հանքին մէջի ադամանդները բաւարար են գործարաններուն քարեր հայթայթելու` 3000 տարիներու ընթացքին:

- Ասիկա լաւ լուր մըն է, որովհետեւ երկրագունդին վրայ միշտ աւելի նուազ ադամանդները կը մնան, եւ անոնց գինը անդադար աւելի կը սղի:

- Արդեօ՞ք այս ադամանդներուն գոյութիւնը պիտի իջեցնէ յարգի քարին գինը: Տակաւին շատ կանուխ է յստակօրէն գիտնալու համար, որովհետեւ Փոփիկայիի հանքը շատ հեռու է: Անոր շահագործումը շատ ժամանակի եւ ծախսի պիտի կարօտի:

 

Գոհարէ Մը Աւելի

Ադամանդի մը արժէքը կախեալ է` անոր ծանրութենէն (որ քարաթով կը չափուի), պայծառութենէն, անոր գոյնէն եւ անոր կտրուածքէն: Ասոնք են նշանաւոր չորս «օրէնքները»: Այս ձեւով կարգ մը ադամանդներ ուրիշներէ աւելի կ՛արժեն, նոյնիսկ եթէ անոնք աւելի փոքր են:

Աշխարհին մէջ 5 ադամանդէն միայն մէկ հատը պիտի տաշուի գոհարեղէնի վերածելու համար Մնացեալը կը յատկացուի ճարտարարուեստին:

Ադամանդը աշխարհի ամէնէն կարծր եւ ամէնէն տոկուն քարն է. անիկա կը ծառայէ շինելու գործիքներ` կտրելու, փորելու, ճզմելու, տաշելու համար:

 

Ո՞րն Է Աշխարհի Վրայ Ինկած
Ամէնէն Մեծ Երկնաքարը

1920 թուականին Նամիպիոյ մէջ, ագարակապան մը իր հողը կը մշակէր, երբ անոր արօրը արգելքի մը կը հանդիպի: Երբ անոր շուրջի հողը կը հանուի, կը յայտնաբերուի, որ ենթադրուած մետաղեայ այդ զանգուածը գտնուած ամէնէն մեծ երկնաքարն էր: Հոպա երկնաքարը, որ անուանուած էր գտնուած վայրին ագարակին անունով, կը կշռէ աւելի քան 60 թոն: Անիկա մօտաւորապէս 2,7 մեթր երկայնք ունի, 2,7 մեթր լայնք եւ 0,9 մեթր հաստութիւն: Անիկա բաղկացած է 84 առ հարիւր երկաթէ, 16 առ հարիւր Նիքելէ, եւ մետաղի ուրիշ տեսակներէ: Գիտնականները կ՛ենթադրեն, որ անիկա երկրագունդին վրայ ինկած է մօտաւորապէս 80 հազար տարի առաջ:

Մինչ Քէյփ Եորքի երկնաքարը աշխարհի երկրորդ ամէնէն մեծ երկնաքարն է, եւ կը կշռէ 34 թոն: Անիկա երկրագունդին զարնուած է մօտաւորապէս 10 հազար տարի առաջ եւ էջք կատարած է Կրինլանտի մէջ: Արքթիքը հետախուզող Ռոպըրթ Փերին է, որ զայն գտած է 1894-ին: Հոպայի նման, Քէյփ Եորքն ալ բաղկացած է երկաթէ եւ նիքելէ: Սակայն, այս երկնաքարին պարագային, ան չէ մնացած իր ինկած վայրը: Փերի մետաղի այս մեծ կտորը փոխադրած է Նիւ Եորք: Կարելի է այս քարը տեսնել եւ զայն շօշափել Ամերիքըն միւզիըմ օֆ նաչըրըլ հիսթըրի թանգարանին մէջ:

 

Լուրեր Աշխարհէն

 

- Լոնտոնի մէջ բնակիչներուն կ՛առաջարկեն իրենց կարծիքը տալ` ընտրելու համար քաղաքին ամէնէն հաճելի վայրերը:

Այս գործողութեան նպատակն է հասկնալ, թէ մարդիկ ի՛նչ կը սիրեն` քաղաքները վերածելու աւելի գեղեցիկ, աւելի հանդարտ, աւելի հաճելի վայրերու համար:

 - Նորվեկիոյ մէջ Օքսնես ընտանիքը շատ բախտաւոր ընտանիք մըն է: Այդ ընտանիքը երեք անգամ վիճականութիւն շահած է: Եւ միշտ` մեծ գումարներ:

Սեպտեմբեր ամսուն որդին` Թորտ, 19 տարեկանին միլիոնատէր դարձած է` շահելով 12,2 միլիոն քուրոն (աւելի քան 1,6 միլիոն եւրօ): Անկէ առաջ անոր հայրը շահած էր 4,1 միլիոն, 2006 թուականին, իսկ անոր քոյրը` 8,2 միլիոն քուրոն, 2010 թուականին:

- Վերջապէս մենք վստահ ենք: Տարիներու փնտռտուքներէ եւ ենթադրութիւններէ ետք մենք վերջապէս փաստը ունինք: Ջուր գոյութիւն ունեցած է Հրատ մոլորակին վրայ:

«Քիւրիոսիթի» սարքը, որ Հրատ մոլորակին վրայ կը գտնուի աւելի քան եօթը շաբաթներէ ի վեր, գտած է նախկին գետակի մը հունէն եկած մանր խիճեր եւ քարեր: Տակաւին ուրիշ ի՞նչ պիտի գտնէ այս սարքը: Այդ ջուրերուն մէջ ապրած մանր կենդանի էակներու հետքեր:

- Մաքտոնալտի ճաշարանները նշանաւոր են իրենց միսի բազմաթիւ շերտերով հարուստ համպըրկըրներով: Այս վաճառանիշը երկու նոր եւ բուսակերներու յատուկ ճաշարաններ բացած է Հնդկաստանի մէջ: Այս երկրին մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը հինտու է, եւ անոնց համար կովերը սուրբ են: Ասոնց կողքին, ալ իսլամ բնակիչները խոզի միս չեն ուտեր: Միս չհրամցնող այս երկու Մաք Տոնալտ ճաշարանները պիտի բացուին երկրին երկու նշանաւոր սուրբ քաղաքներուն մէջ` Ամրիցար եւ Քաթրա:

- Գրեթէ ամէն ինչ դարձեալ վերամշակելուն պատճառով Շուէտի մէջ այլեւս բաւարար աղբ չի մնար: Այո, ասիկա մեծ մտահոգութիւն մըն է շուէտացիներուն համար, որոնք շատ յառաջացած են իրենց աղբերը վերամշակելու մէջ: Իրենց աղբերուն միայն 1 առ հարիւրը կը թափուի աղբամանին մէջ: Այդ աղբերուն կէսը կ՛այրի ջերմութիւն հայթայթելու համար: Սակայն ներկայիս գոյութիւն ունին մեծ թիւով գործարաններ, բայց ոչ` բաւարար այրուելիք աղբ: Հետեւաբար Շուէտը ստիպուած է այլեւս իր դրացիներէն տարեկան 800 հազար թոն աղբ գնել:

- Ճափոնի գործարանի մը մէջ պայթում մը կրնայ յառաջացնել… շորերու միջազգային տագնապ մը: Երկրին արեւմուտքը գտնուող Հիմեժի քաղաքին մէջ գտնուող այս գործարանը կ՛արտադրէ շորերուն յատուկ ջուրը ծծող կերպընկալ մը: Այս արկածէն ետք անոր արտադրութիւնը պիտի դանդաղի: Մինչ յատկապէս չինական ապսպրանքներու քանակը կը բարձրանայ:յրի ջերմութիւն հայթայթելու համար:

 

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1 – 82` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Սեւ ներկէ մէկ կէտ պարունակող բաժինները` գտնելու համար պահուած պատկերը

Կրնա՞ս գտնել վառելանիւթի կայարանը հասցնող ճամբան:

 

 

Leave a Reply

Advertisement