50 Տարի Առաջ ( 20 Հոկտեմբեր 1962 )
By adminx - Sat Oct 20, 5:31 am
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print
Խմբագրական
Հերոսական Հաճընը
(Իննամսեայ Հերոսամարտի 43-րդ Տարեդարձին Առթիւ)
Վաղը` կիրակի, 21 հոկտեմբեր, կ. ե. ժամը 4-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային Տան սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի հանդէս` Հաճընի իննամսեայ հերոսամարտի 43-րդ տարեդարձին առթիւ:
Հաճնոյ «Գոյամարտ» միութեան կողմէ կազմակերպուած այս հանդէսը, որ ամէն տարի այս օրերուն, կը վերածուի յարգանքի արտայայտութեան խորհրդանշական ցոյցի մը, կոչուած է ոգեկոչելու յիշատակը այն հերոսներուն, որոնք ինը ամիս շարունակ օրհասական կռիւ մղեցին թրքական բանակներուն դէմ` մահ կամ ազատութիւն նշանաբանով:
Մեր ժամանակակից պատմութիւնը սուգ ու աւեր կտակած պիտի ըլլար միայն յետնորդ սերունդներուն, եթէ նաեւ սրբազան ըմբոստութեանց, հերոսամարտերու եւ ազատութեան խոյանքներու շղթայով մը փառք ու պատիւ փոխանցած չըլլար ապրողներուն:
Հաճըն մաս կը կազմէ այն ոսկի շղթային, որուն միւս օղակները կը կոչուին` Մուսա Լեռ, Ուրֆա, Այնթապ, Շապին Գարահիսար, մէկը միւսէն նուիրական անուններ, որոնք անթեղուած ոգիի մը հրդեհումը կը յատկանշեն եւ կը մնան սրբազան կոթողումներ` ազատութեան ճանապարհին վրայ:
Անկախաբար այդ հերոսամարտերու արդիւնքէն, զանոնք պատմական դրուագներու վերածող ոգեկան բովանդակութիւնն է, որ կը շահագրգռէ մեզ: Առանց Հաճընի հերոսամարտին եւ միւս խիզախումներուն, պարտաւոր պիտի ըլլայինք եզրակացնելու, թէ հայ ժողովուրդը, հակառակ ԺԹ. դարու եւ յաջորդող շրջաններու ընդհանրականօրէն յեղափոխաշունչ եւ ազատագրական ձգտումներուն, անհաղորդ մնացած էր ժամանակի ձգտումներուն, ստրակամտօրէն եւ նահանջականօրէն ենթարկուելով բռնի եւ բիրտ ուժերու տիրապետութեան:
Հաճընի իննամսեայ կռիւներուն ընթացքին, հայ ժողովուրդը ապաւինեցաւ միայն իր ուժին: Մէկը միւսէն աւելի խիզախ եւ հերոսական մարտիկներ մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը կռուեցան անագորոյն թշնամիին դէմ կուրծք ցցելով թրքական բանակի թնդանօթներուն եւ ինկան պատնէշին վրայ` գերագոյն երանութեամբ մը հայրենի հողը գրկելով:
Հաճըն կամուրջ մըն է մեր անցեալին, մեր դարաւոր ըմբռնումներուն եւ մեր ապագային միջեւ: Անկիւնադարձ մը` հերոսական ոգորումներէ վերջ ստեղծուած ստրկութեան դարերու եւ ԺԹ. դարէն ետք վերարծարծ յեղափոխաշունչ, ազատագրապաշտ խոյանքներու շրջանի մը միջեւ:
Հաճըն նաեւ կտակ մըն է: Արիւնագիր ուխտ մը` յետնորդ սերունդներուն, որոնք իրենց պապերուն հերոսական խոյանքներուն մէջ, այսօր կը տեսնեն ցեղին յաւիտենականութեան գաղտնիքը եւ անոնց անձնուիրութեամբ գօտեպնդուած` կը մղեն նոր օրերու անօրինակ պայքար մը` ի խնդիր հայ ժողովուրդի գոյատեւման:
Հաճըն եւ բոլոր միւս նուիրական անունները, որոնք պայծառ թուականներ կը հանդիսանան մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, ներշնչումի աղբիւրներ են նոր սերունդներուն համար, որոնք ուխտած են քալել իրենց մեծ նահատակներուն ճամբով` հասնելու համար իրենց գերագոյն նպատակին, հայ ժողովուրդի եւ անոր հայրենիքի վերջնական ազատագրութեան:
Այս ոգիով պէտք է յարգել մեր հերոսները ու խնկարկել անոնց անմահ յիշատակին:
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print



