Monday May 20, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Sat Oct 20, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Դուք ձեզ մի՛ թերագնահատէք, ունիք արժէքներ, կարողութիւններ, արտայայտեցէք` առանց վարանելու, առանց պարծենալու, բնական ձեւով:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ըրէք այնպիսի բան մը, որ բնաւ չէք կատարած: Պիտի յաջողիք եւ հաճելի պիտի թուի ձեզ եւ ձեր շրջապատին: Համարձակ եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ, պիտի կարենաք տարբեր աշխատանք տանիլ գոհունակութեամբ եւ յաջողութեամբ: Ունիք վարձատրութիւն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամուսնացած ըլլաք թէ ընկեր ունենաք, միասնաբար պիտի ունենաք ներդաշնակ համակեցութիւն: Շարունակեցէք նոյն սիրով:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շաբաթավերջի այս օրը անցուցէք տան մէջ եւ վայելեցէք ընտանեկան քաղցր մթնոլորտը: Նման առիթ հազուադէպ կրնաք ունենալ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աստղը պիտի փայլի այսօր, մանաւանդ` սիրոյ տրամադրութիւնը ծաղկեցնելով: Ինչ որ որոշած էք, կատարեցէք: Հաճելի հանդիպում ունիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Հաճելի յիշատակներ վերյիշելու օր մըն է այս: Պիտի հանդիպիք շատոնց չտեսած ձեր մէկ բարեկամին, պիտի ուրախանաք միասնաբար:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարիքը ունիք դէպի բնութիւն պտոյտի մը, կատարեցէք` առանց ձանձրոյթի, որպէսզի շաբաթավերջը ըլլայ յուսադրիչ, քաջալերական:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Իրականութեան հետ հաշտ ապրեցէք, ճիշդ դատեցէք ձեր շահածը ծախսածը, որպէսզի ամսուան վերջը պարապ գրպան չունենաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր եսը գովաբանող-շոյողներ պիտի տեսնէք ձեր շուրջը: Անշուշտ պիտի ուրախանաք, նոյն ատեն այդ վերաբերումը պիտի գտնէք բնական:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարիքը ունիք հանդարտ, խաղաղ մթնոլորտի, նաեւ` գուրգուրանքի: Ձեր շրջապատին մէջ ունիք լաւ բարեկամներ եւ սիրելի ընտանիք, կրնաք հանգիստ օր մը ապրիլ անոնց հետ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրուան ընթացքին պիտի ստանաք հրաւէր մը` ձեր բարեկամներէն: Առանց ժամանակ կորսնցնելու` տուէք ձեր հաւանութիւնը: Կրնաք պտոյտ մը կատարել ձեր սիրած վայրին մէջ:

Leave a Reply

Advertisement