Sunday May 19, 2013

«Մաութըն Պայք»-ի Նոր Դասաւորման Մէջ Լիբանան Գրաւեց 58-րդ Դիրքը

By adminx - Fri Oct 19, 6:02 am

Նախորդ շաբաթավերջին Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի ախոյեանութիւնը հիւրընկալած Լիբանան, Հեծելարշաւի Միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ գրաւեց 58-րդ դիրքը` 74 երկիրներու մէջ («Մաութըն Պայք»-ի պարագային):

Նշենք, որ տիտղոսին տիրացած խումբը ապահովեց 200 կէտ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հեծելարշաւի ընդհանուր դասաւորման մէջ Լիբանանի գրաւած դիրքին, անիկա 109 երկիրներուն մէջ կը գրաւէ 60-րդ դիրքը, իսկ Լիբանանի կրտսերներու խումբը 188 երկիրներու մէջ կը գրաւէ 175-րդ դիրքը:

Ինչ կը վերաբերի անհատական դասաւորման, Լիբանանէն Ռաֆիք Իտ 706 հեծելանւորդներուն մէջ կը գրաւէ 269-րդ դիրքը, ինչ որ կը նկատուի բաւական գոհացուցիչ արդիւնք:

Leave a Reply

Advertisement