Saturday May 18, 2013

Կառավարութիւնը Մերժեց 100 Առ Հարիւր Համամասնական Ընտրակարգին Անցնելու ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութիւնը «Անոնք Չեն Կտրեր Այն Ճիւղը, Որուն Վրայ Նստած Են» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

By adminx - Fri Oct 19, 7:44 am

Արմէն Ռուստամեան

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան` պատասխանելով «Երկիր»-ի այն հարցումին, որ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ի՞նչ պիտի ըլլայ ՀՅԴ-ի դիրքորոշումը եւ արդեօք կը համապատասխանե՞ն իրականութեան մամլոյ մէջ պարբերաբար շրջանառուող այն տեղեկութիւնները, թէ նախագահի թեկնածուի հարցին մէջ Դաշնակցութեան մէջ հակասութիւններ կան,  յայտնեց, որ հակասութիւններու մասին կը խօսէին նաեւ մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները, թէ Դաշնակցութիւնը պառակտման եզրին կը գտնուի, թէ թեւեր կան, բայց յստակ եղաւ, որ այդ ամէնը սուտ են: Ռուստամեան յայտնեց, որ ՀՅԴ Գերագոյն ժողովը եղաւ շատ բաց եւ եղան խորքային քննարկումներ:

«Գերագոյն մարմինին յանձնարարուած է ուսումնասիրել մեր առաջադրման կարելիութիւնները, հաւանական բողոքական ընտրազանգուածը զօրաշարժի ենթարկելու հանգամանքը: Մեր խնդիրը ընտրութիւններուն ինքնանպատակ մասնակցիլը չէ: Եթէ այդ ընտրութիւնը պիտի չծառայէ իբրեւ իշխանափոխութեան միջոց, ուրեմն ինքնանպատակ մասնակցութիւն կը դառնայ:  Որպէսզի դառնայ իշխանափոխութեան միջոց, նախ եւ առաջ մեր ընտրողը պէտք է հասկնայ, որ պէտք չէ յանձնուի ընտրակաշառքին», ըսաւ դաշնակցական պատգամաւորը:

Ըստ անոր, հիմա իշխանութիւնները ընտրութիւնները աւելի հմուտ կը կեղծեն, կոպիտ խախտումներ չկան, կեղծիքները կը կատարեն մինչեւ տեղամաս գալը, իսկ ընտրողին եւ իշխանութեան այդ յանցաւոր համագործակցութեան դէմ պայքարիլը շատ դժուար է: Ռուստամեան վստահ է, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ Հայաստանի մէջ փոքրացած է ընտրազանգուածը եւ իսկական ընտրազանգուածը այժմ կը կազմէ 20 առ հարիւր:

Ան յայտարարեց, որ ընտրութիւնը ողիմպիական խաղեր չեն, ուր մասնակցութիւնը արդէն յաջողութիւն է: Ան վստահեցուց, որ իշխանափոխութեան հասնելու միակ տարբերակը համախմբումն է: Ըստ դաշնակցական գործիչին, դժուար է ըսել, թէ որքանո՛վ ատիկա կարելի է եւ այդպիսի լուրջ կարելիութիւն չ՛երեւիր:

Անդրադառնալով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան որդեգրած այն դիրքորոշման, որ միւս քաղաքական ուժերը նախագահական ընտրութիւններուն մէջ պէտք է պայքարին պատուաւոր երկրորդ հորիզոնականին համար, Ռուստամեան նշեց, որ իշխանութիւնները կը կարծեն, թէ նախագահի աթոռը իրենց պապական աթոռն է:

«Մեզմէ բացի, ոչ ոք մեզի համար ժողովրդավարական պետութիւն պիտի չստեղծէ եւ սկուտեղի վրայ պիտի չմատուցէ մեզի», աւելցուց ան:

Յայտնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ մերժեց 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգի անցնելու` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը:

Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ յստակ է, որ այս որոշումը տրուեցաւ պարզ պատճառի մը համար` իշխանութիւնները շատ լաւ գիտեն, որ մեծամասնական համակարգի առկայութիւնը իրենց վերարտադրման կարեւորագոյն երաշխիքներէն մէկն է եւ բնականաբար պիտի չկտրեն այն ճիւղը, որուն վրայ նստած են:

Անդրադառնալով կառավարութեան բերած փաստարկներուն` ան նշեց, որ անոնք բացարձակապէս կապ չունին Հայաստանի հետ: Ռուստամեան ընդգծեց, որ իրենք չեն ըսեր, որ մեծամասնական ընտրակարգը վատ է, երկու ընտրակարգերն ալ լաւ են, բայց այն երկիրներուն մէջ, ուր կայ ձեւաւորուած ժողովրդավարական ընտրական համակարգ, որուն միջոցով ժողովուրդը կարելիութիւն ունի իշխանութիւն փոխելու:

Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ մինչեւ այսօր չէ յաջողած ընտրութիւններու միջոցով իշխանութեան փոփոխութիւնը: Ան ուշադրութեան հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ մեծամասնական ընտրակարգով երբեք ընդդիմադիր թեկնածու չէ յաղթած:

Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ մեծամասնական ընտրակարգը իշխանութեան առաւելութիւնն է: Ան նշեց, որ իրականութեան մէջ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը դէմ չէ իրենց առաջարկին, պարզապէս շարք մը պատճառաբանութիւններ կը բերեն, մասնաւորաբար կ՛ըսեն, որ ժամանակը եւ յարմար պահը չէ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement