Tuesday Jun 18, 2013

Մանոյեան. «Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Կեցուածքը Կրնայ Նաեւ Փոփոխութեան Ենթարկուիլ, Եթէ…»

By adminx - Fri Oct 19, 7:42 am

Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան «Ա1+»-ին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հայ դատի յանձնախումբը կոչ չ՛ուղղեր ամերիկահայերուն` ընտրութիւններուն չմասնակցելու, այլ պարզապէս կ՛ըսէ,  հաշուի առնելով շարք մը տուեալներ` որոշած է չաջակցիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուներէն որեւէ մէկուն:

Ան նշեց, որ մինչեւ քուէարկութեան օրը յանձնախումբի այդ կեցուածքը կրնայ  փոխուիլ, եթէ յանկարծ «թեկնածուները իրենց վերաբերմունքը փոխեն եւ ընդառաջեն յանձնախումբի կոչին` հանդիպելու եւ ներկայացնելու իրենց տեսակէտները ամերիկահայ համայնքը հետաքրքրող տարբեր խնդիրներու շուրջ»:

Խօսելով ամերիկահայ համայնքի ընտրութեան հարցին մէջ յանձնախումբի յայտարարութեան կարեւորութեան մասին`  Մանոյեան նշեց, որ «Հայ դատի յանձնախումբը անով պիտի չսահմանափակուի:

«Պարզ է, որ ամերիկահայ համայնքը չէր սպասեր Հայ դատի յանձնախումբի որոշման` իր ընտրութիւնը կատարելու գծով: Համայնքի իւրաքանչիւր անդամ ինքը կ՛որոշէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի քուէարկէ: Բայց պարզ է նաեւ, որ յանձնախումբի որոշումը անպայման ազդեցութիւն պիտի ունենար այդ ընտրութեան վրայ: Եթէ յանձնախումբը աջակցութիւն յայտնէր թեկնածուներէն որեւէ մէկուն, նաեւ աշխուժ աշխատանք կը տանէր, որպէսզի հայ համայնքի անդամները քուէարկէին այդ թեկնածուի օգտին: Այս պարագային ատիկա պիտի չըլլայ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան:

Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ Հայ դատի յանձնախումբի` թեկնածուներէն որեւէ մէկուն չսատարելու որոշումը ի՞նչ հետեւանք կրնայ ունենալ Սպիտակ տան յաջորդ բնակիչին հետ հայ համայնքի յարաբերութիւններուն վրայ, Կիրօ Մանոյեան կը նշէ, որ կարելի է որոշ իմաստով այդ յարաբերութիւնները դժուարանան:

Սակայն, ըստ դաշնակցական գործիչին, «ասիկա քաղաքականութիւն է, եւ ոխակալութեան խնդիր չկայ», մանաւանդ որ նախագահի ընտրութիւններուն զուգահեռ տեղի պիտի ունենան քոնկրեսի լրացուցիչ ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին Հայ դատի յանձնախումբը աշխուժ պիտի ըլլայ:

«Յանձնախումբը պիտի հրապարակէ իր աջակցած թեկնածուներու ցանկը եւ այն թեկնածուներուն ցանկը, որոնց օգտին պէտք չէ քուէարկել», նշեց Կիրօ Մանոյեան:

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, այն փաստը, որ նախորդ քանի մը ընտրութիւններուն բաղդատմամբ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուները իրենց քարոզարշաւին ընթացքին յատուկ չեն անդրադարձած հայ համայնքը յուզող խնդիրներուն, չի նշանակեր, որ հայկական հարցը Միացեալ Նահանգներու քաղաքական օրակարգին վրայ աւելի պակաս նշանակութիւն ձեռք բերած է:

«Եթէ հաշուի առնենք, որ թեկնածուներէն ոչ ոք արձագանգած է նաեւ Ամերիկայի յոյներու գլխաւոր կազմակերպութեան նման դիմումներուն` հանդիպելու եւ տեսակէտներ ներկայացնելու, կը վկայէ քիչ մը ուրիշ բան: Այսինքն, երկու թեկնածուներն ալ կարծես աւելի շատ կարեւոր կը նկատեն Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, ազդեցութիւնը` անտեսելով իրենց քաղաքացիներու զգալի հատուածը ներկայացնող կազմակերպութիւններուն տեսակէտը»,  յայտնեց Կիրօ Մանոյեան:

 

Leave a Reply

Advertisement