Tuesday May 21, 2013

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մէջ Բացուած Է «Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանը

By adminx - Fri Oct 19, 7:39 am

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու մատենադարանի բարերարներ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի բացումը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգէն:

Ամենայն հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ կատարուած է Մայր Աթոռի նորակառոյց մատենադարանին օրհնութեան կարգը:

«Հոգու եւ մտքի լուսաւորութեան այս նոր կաճառը, ապահովուած է լաւագոյն պայմաններով ու կարելիութիւններով` Մայր Աթոռի մեծաթիւ գրականութեան պահպանման եւ ուսումնասիրման համար, եւ համոզուած ենք, նոր լիցք պիտի հաղորդէ մեր հոգեւոր ու գիտամշակութային կեանքին», ըսած է վեհափառ հայրապետը:

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինին մատուցած բացառիկ ծառայութիւններուն համար` Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Վաչէ Մանուկեանին շնորհած է «Ասպետ Սուրբ Էջմիածնի» հայրապետական շքանշանը:

 

Leave a Reply

Advertisement