Wednesday May 22, 2013

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարար Ճոն Պէյրտի Հետ

By adminx - Fri Oct 19, 7:37 am

17 հոկտեմբերին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը Օթթաուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէյրտի հետ: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Սուրիոյ մէջ առկայ տագնապի հարցն ու Հայաստանի շրջափակման խնդիրը: Այլ գետնի վրայ, նախարարին փոխանցուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցչական տան կողմէ 2012-ին վաւերացուած այն բանաձեւի բնօրինակը, որ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեանց հարցին:

Հանդիպման աւարտին, նախարար Պէյրտի յանձնուեցաւ «Հայկական պատմական յուշարձաններու կացութիւնը Ազրպէյճանի եւ Արցախի մէջ» անգլիատառ գիրքը, որ հրատարակուած է Հայկական ճարտարապետական հետազօտական հիմնարկին կողմէ: Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քանատայի  Հայ դատի յանձնախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան, Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան եւ Օթթաուայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան:

Leave a Reply

Advertisement