Wednesday Jun 19, 2013

Հայ-Իտալական Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն` Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ

By adminx - Fri Oct 19, 7:34 am

Համաձայնագիրի ստորագրութեան ընթացքին

16 հոկտեմբերին եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Իտալիոյ  պաշտպանութեան նախարար Ճիամփաոլօ Տի Փաոլայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախանցեալ օր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի ղեկավար կազմին հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւոր նկատեցին զինուորական կրթութեան մարզին մէջ համագործակցութեան զարգացումը, ինչպէս նաեւ զինուորական արդիւնաբերութեան եւ համագործակցութեան զարգացումը: Կողմերը անդրադարձան նաեւ շրջանային ապահովութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու:

Հայաստանի եւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի կառավարութեան եւ Իտալիոյ կառավարութեան միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը, որ պիտի հանդիսանայ երկկողմանի համագործակցութեան իրաւական հիմքը: Համաձայնագիրով կը նախատեսուի համագործակցութիւն, ապահովութեան եւ պաշտպանական քաղաքականութեան, զինուորական-իրաւական պատրաստութեան, զինեալ ուժերու կազմակերպման եւ կառավարման, զօրահաւաքային պատրաստութեան, զինուորական կրթութեան, զինուորական արդիւնաբերութեան, զինուորական բժշկութեան, խաղաղապահ եւ մարդասիրական գործողութիւններու եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ:

Այնուհետեւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը այցելեց Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական հիմնարկ, ծանօթացաւ հիմնարկի կրթական ծրագիրներուն եւ ներկայ գտնուեցաւ մարտական հերթապահութեան, խաղաղապահ առաքելութեան տարրերուն եւ յատուկ նշանակութեան ուժերու ցուցադրութեան:

Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը այցելեց նաեւ Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յուշահամալիր եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ:

Leave a Reply

Advertisement