Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Եւ Սեղմ Յանձնախումբը Գումարեցին Նիստեր
By adminx - Fri Oct 19, 7:31 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր:
Խորհրդակցութիւններուն սուր բնոյթին պատճառով մեծ թիւով երեսփոխաններ լքեցին խորհրդարանը` պատճառ դառնալով, որ նիստը ընթանայ իբրեւ խորհրդակցական նիստ` բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերը ոչ մէկ լուծումի կրցած են յանգիլ եւ յառաջիկայ երեքշաբթի օր պիտի շարունակեն իրենց քննարկումները:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի երէկ նախագահեց ընտրական օրէնքի յատուկ խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբի երկրորդ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընտրական օրէնքին վերաբերող ընտրաշրջաններն ու օրէնքին համամասնական թէ մեծամասնական թէ այլ դրութեան վրայ հիմնուած ըլլալը:
Սեղմ յանձնախումբին նիստը ընթացաւ կատարեալ գաղտնապահութեամբ:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print




