Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Օրէնսգէտներու Նիստին
By adminx - Fri Oct 19, 7:28 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց օրէնսգէտներու նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Թաէֆի համաձայնագիրին մէջ նշուած, սակայն ցարդ չգործադրուած կէտերը, ինչպէս նաեւ Թաէֆի համաձայնագիրին կէտերուն գործադրութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած թերութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ բնական աղէտներու վտանգներուն առաջքը առնելու շրջագիծին մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Մարկրեթ Ուոլսթրոմ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ուոլսթրոմ դրուատեց լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ բնական աղէտներուն ընթացքին որդեգրուած միջոցառումները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նախկին նախարարներ Իսամ Ապու Ժամրա, Ժան Օպէյտ եւ Ուատիհ Խազեն: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print




