Սենտիքայական Աշխատանքը Համակարգող Խորհուրդը Գործադրեց Ընդհանուր Գործադուլ Մը
By adminx - Fri Oct 19, 7:27 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը երէկ գործադրեց ընդհանուր գործադուլ մը, որուն շրջագիծին մէջ Պէյրութի գրեթէ բոլոր դպրոցները մնացին փակ` ընդառաջելով խորհուրդին կոչին:
Բայց եւ այնպէս կաթողիկէ դպրոցներն ու անձնական վարժարանները չենթարկուեցան այդ կոչին եւ դասադուլի չդիմեցին:
Կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազարի յայտարարութեամբ, այդ վարժարաններուն համար երէկ դասաւանդումի սովորական օր էր:
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը իր կեդրոնին մէջ երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին գումարեց դռնփակ նիստ մը, որմէ ետք գործադուլի եւ բողոքի ցոյցի մը հրաւիրեց յառաջիկայ 31 հոկտեմբերին, իսկ 1 նոյեմբերին գործադուլ յայտարարեց` հաստատելով, որ այդ գործադուլին կողքին լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ պիտի կատարուին բողոքի ցոյցեր:
Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ իր կարգին հաստատեց, որ 31 հոկտեմբերին եւ 1 նոյեմբերին գործադրուելիք գործադուլը կարելի է կասեցնել միայն կառավարութեան կողմէ պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսականներուն յաւելումի որոշումը խորհրդարան փոխանցելու քայլով:
Մահֆուտ խստիւ դատապարտեց կառավարութեան կողմէ արձանագրուող ձգձգումը:
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ կառավարութեան հետ իրենց ունեցած փորձառութիւնը երբեք ցոյց չի տար, որ ան կրնայ յարգել ժամկէտները:
Ան նշեց, որ կառավարութիւնը ամսականներու յաւելումը խոստացած էր Ֆիթրի տօնին առիթով, սակայն ահա Ատհայի տօնն ալ հասած է եւ ան իր խոստումը չէ կատարած:
Ղարիպ ընդգծեց, որ իրենց շարժումը անկախ է` աւելցնելով, որ անիկա ոչ Մարտ 14-ի եւ ոչ ալ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ կապ ունի:
«Մենք Իսրայէլի դէմ պիտի պայքարինք զէնքով, իսկ աղքատութեան դէմ` սենտիքայական ազատ եւ ժողովրդավար գործունէութեամբ, տգիտութեան դէմ` ուսումով, իսկ համայնքային ամէն տեսակի բաժանումներուն պիտի դիմադրենք միասնականութեամբ», ըսաւ Ղարիպ:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print



