Saturday May 25, 2013

«Դիմադրութիւնը Կազմ Ու Պատրաստ Է Եւ Շրջանային Զարգացումները Անոր Աշխատանքները Չեն Խոչընդոտեր» Ընդգծեց Շէյխ Քասեմ

By adminx - Fri Oct 19, 7:22 am

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պաաս կուսակցութեան նախագահ Ֆայեզ Շքըրի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Քասեմ շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է եւ անոր աշխատանքները ոչինչ կրնայ խանգարել, ոչ իսկ շրջանային զարգացումները:

Ան ըսաւ, որ Դիմադրութիւնը կրնայ թշնամի Իսրայէլի կողմէ որեւէ անխոհեմ քայլի կամ շարժումի պատասխանել եւ անոր հակահարուած տալ:

Ան նկատել տուաւ, որ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազը ներդաշնակ տարազ մը կը նկատուի Լիբանանի համար որդեգրուելիք պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան առումով:

ՄԻՒՍ կողմէ, Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես յայտնեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի համար շատ աւելի մեծ եւ իսկական վտանգ է, որքան որ ան վտանգ է Իսրայէլի համար: «Իսրայէլ ինքզինք կրնայ պաշտպանել, բայց Լիբանան` ոչ», ըսաւ ան:

 

Leave a Reply

Advertisement