Հարիրի. «Սաքըր Կը Հետապնդէ Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը»
By adminx - Fri Oct 19, 7:18 am
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յայտնեց, որ երեսփոխան Օքապ Սաքըր իր կողմէ գործուղուած է Թուրքիա` հետապնդելու Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը եւ զանոնք ազատ արձակելու կարելիութիւնները:
Հարիրի հաստատեց, որ Սաքըրի պատասխանատուութիւնն է նաեւ Սուրիոյ մէջ լիբանանցիներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրել:
Ան աւելցուց, որ բոլոր լիբանանցիները գիտեն, թէ Հըզպալլա Սուրիոյ ներքին տագնապին կը մեղսակցի եւ ժիհատի իր պարտականութեան շրջագիծին մէջ կը դիտէ Սուրիոյ մէջ սուրիական վարչակարգին կողքին իր զինուորական գործողութիւնները:
Հարիրի յայտնեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի կառավարութեան մաս կազմելով հանդերձ, անոր չէզոք կեցուածքը չ՛որդեգրեր, այլ` սուրիացիներուն դէմ ժիհատ կը կատարէ:
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print



