Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Fri Oct 19, 7:13 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին մէջ ապահովական ուժերը երկու թուրք ճամբորդներու մօտ գտած են 13 քիլոկրամ թմրեցուցիչ (քոքային) եւ գրաւած զայն: Երկու թուրքերը Պրազիլէն ժամանած են Պէյրութ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթիի կառավարութեան տնտեսապէս օժանդակելու միջազգային որոշում մը տրուած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ինք չի կրնար Նեպիհ Պըրրին տանիլ իբրեւ խորհրդարանի նախագահ: Ան հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժերը պիտի շարունակեն Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընդմէջէն կը փորձեն մեղմացնել Հըզպալլայի եւ Հարիրիի միջեւ լարուածութիւնը:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սամիր Մուքպել յայտնեց, որ «Հըզպալլայի կողմէ Իսրայէլի երկաթեայ պատը խզելու նախաձեռնութիւնը մեզի համար հպարտութեան առիթ մըն է»:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան երեսփոխան Ասեմ Քանսօ Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեսփոխան Օքապ Սաքըրը ամբաստանեց Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու գործակալ ըլլալու յանցանքով:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին ոչ մէկ նամակ փոխանցած է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ սուրիական ընդդիմութեան ամբաստանութիւնները կը միտին սիւննի-շիի գրգռութիւններ հրահրել:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Լիբանանի մէջ ոչ մէկ ծրագիր առաջարկած է Սուրիոյ տագնապին լուծման հարցով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Հըզպալլա պէտք է իր զէնքը յանձնէ լիբանանեան բանակին եւ դուրս գայ կառավարութենէն ու խորհրդարանէն:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան: Ան աւելցուց, որ «Այուպ» հետախուզական օդանաւը Իսրայէլին պատճառաբանութիւն կու տայ Լիբանանի դէմ յարձակում գործելու:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդվզած է արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրէն` «Այուպ» օդանաւին մասին անոր կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ շեշտեց, որ Տոհայի մէջ քաթարցի պատասխանատուներ վարչապետ Միքաթիին յայտնած են իրենց ցասումը Լիբանանի մէջ քաթարցի քաղաքացիի մը առեւանգումին հարցով:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Քաթարի կողմէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը կը նպատակադրէ քաջալերել Լիբանանի չէզոք կեցուածքը:
ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ յայտնեց, որ 2013-ի երեսփոխանական ընտրապայքարը պիտի ըլլայ Լիբանանի մէջ պետականութեան վերահաստատման պայքարը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Հաթեմ Մատի մաղթեց, որ պայմանները ձեռնտու ըլլան` իրականացնելու համար իրենց մտադրած ծրագիրները:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ պատրաստակամութիւն յայտնեց Թրիփոլիի եւ Լիբանանի համար գործակցելու լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հետ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան զօրակցութիւն յայտնած է Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի յայտարարած Սուրիոյ զինադադարի նախաձեռնութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի տեղեկատուական բաժանմունքը որոշած է Հարիրիի եւ անոր հոսանքին ու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դէմ պայքարիլ:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ աղբիւրներ յայտնեցին, որ «Այուպ» օդանաւին ինքնութիւնը գիտնալ անկարելի պիտի ըլլար, եթէ Հըզպալլա չստանձներ այդ գործողութեան պատասխանատուութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ շեշտեց, որ ընտրական իր դաշինքը պիտի ըլլայ այնպիսի ձեւով, որ կարելի ըլլայ իր անկախութիւնը պահպանել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի մեկնեցաւ Տոհա:
ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն շեշտեց, որ Հըզպալլայի արձակած հետախուզական օդանաւը, որ խզած է Իսրայէլի օդային սահմանները, կրնայ սպառնալ Լիբանանի կայունութեան:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print



