Friday May 24, 2013

Ռուսիա «Արաբական Գարնան» Յաջորդելիք «Արաբական Ամառ»-էն Կը Զգուշացնէ. «Սուրիական Ընդդիմութիւնը Քաղաքական Ուժ Մը Չէ, Որուն Հետ Կարելի Է Բանակցիլ» Կ՛ըսէ Կրուշքօ

By adminx - Fri Oct 19, 7:11 am

Ալեքսանտր Կրուշքօ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովէն պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը առայժմ չի կրնար քաղաքական ուժ մը ըլլալ, որուն հետ կարելի է բանակցիլ»` նշելով, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը անկարող է իր շարքերը միաւորել, որպէսզի վերածուի քաղաքական ուժի մը, որուն հետ կարելի է բանակցիլ»:

Կրուշքօ արեւմտեան երկիրներուն կոչ ուղղեց` սուրիական ընդդիմութիւնը իշխանութեան հետ երկխօսութեան մղելու: Ան վերահաստատեց արտաքին միջամտութիւնները մերժող Մոսկուայի կեցուածքը` նշելով, որ «Սուրիոյ տագնապը սուրիացիներուն վերաբերող հարց մըն է»:

Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին իր կարգին պատուիրակութեան յայտնեց, որ «Ռուսիա Սուրիոյ զինուորական թեքնիք գործակցութեան ծիրին մէջ միջազգային պատժամիջոցներով արգիլուած որեւէ բան չի մատակարարեր»: «Սուրիա արտածուած ռուսական բոլոր զէնքերը ինքնապաշտպանութեան զէնքեր են, եւ նախ եւ առաջ հակաօդային զէնքեր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել, որ հակաօդային համակարգ մը քաղաքացիական պատերազմի մը մէջ քաղաքային բնակչութեան դէմ կրնայ գործածուիլ: Չկայ առասպելագիր մը, որ կրնայ այդպիսի դիպաշար մը ստեղծել, որովհետեւ այդ մէկը անկարելի հարց է»:

Ռոկոզին նաեւ իր խօսքը աւարտեց հետեւեալ կոչով. «Դադրեցուցէք «Արաբական գարնան» աջակցութիւնը, որովհետեւ անոր աւարտը վատ է եւ «Արաբական գարնան» պիտի յաջորդէ արաբական տաք ամառ մը, որ ոչ ոք գոհ պիտի ձգէ»:

Vz.ru կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ յայտնած է, որ «մենք որեւէ պատճառ չունինք կասկածի տակ առնելու մեր թուրք դաշնակիցներուն յայտարարութիւնները այն մասին, թէ Թուրքիոյ մէջ էջք կատարելու պարտադրուած սուրիական օդանաւին մէջ վտանգաւոր զինամթերք յայտնաբերուած է»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այդ զինամթերքը կրնա՞ր ժողովուրդին դէմ օգտագործուիլ, ան ըսած է, որ զինամթերքի բնոյթը ճիշդ այդպիսին էր:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի շաբաթ օր Դամասկոս պիտի այցելէ: Նախարարութիւնը նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի եւ Ապահովութեան խորհուրդի կարգ մը երկիրներու ահաբեկչութեան աջակցութեան վերաբերեալ նամակներ ուղարկեց:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Դամասկոս դէմ պիտի դնէ այսպէս կոչուած ապահով միջանցքներ կամ շրջաններ ստեղծելու առաջնորդող որեւէ մտադրութեան»:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ գերիշխանութեան բռնաբարումներուն` ան ընդգծեց, որ «Սուրիա իր գերիշխանութեան որեւէ բռնաբարման վրէժը պիտի լուծէ, սակայն այդ հարցով կը ջանանք թուրք-սուրիական սահմանին վրայ խաղաղութեան տարածման»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի իր կարգին «Ուաթան»-ին յայտնեց, որ «Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութեանց վատթարացման պատասխանատուն թրքական կառավարութիւնն է»` շեշտելով, որ խանգարիչ ազդակը Էրտողանի կառավարութիւնն է, որ զինեալ խմբաւորումները կը զինէ եւ սուրիական կառավարութեան եւ ժողովուրդին միջեւ սեպ կը խրէ: «Դամասկոս Թուրքիոյ հետ լաւագոյն յարաբերութիւնները կ՛ուզէ, եւ թուրք ժողովուրդին հետ որեւէ հարց չունինք»:

 

Leave a Reply

Advertisement