«Տը Թայմզ Աֆ Իսրայէլ» Փերեսին Ուղղուած Մուրսիի Նամակը Կը Հրապարակէ
By adminx - Fri Oct 19, 7:10 am
- 0 Comments
- 84 views
- Tweet
Email
Print
Եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթը հրապարակեց պատճէնը այն նամակին, զոր «Տը Թայմզ աֆ Իսրայէլ» չորեքշաբթի գիշեր իր կայքէջին վրայ զետեղած էր: Անիկա Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիէն Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսին ուղղուած նամակ մըն է եւ կը կրէ Մուրսիի ու Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրոյի, ինչպէս նաեւ եգիպտական նախագահական պալատի քարտուղարութեան ստորագրութիւնները:
19 յուլիս 2012 թուակիր նամակին մէջ Մուրսի Փերեսը կը նկարագրէ իբրեւ իր «մեծ բարեկամ»-ը, երկու երկիրներուն միջեւ «սիրալիր յարաբերութիւնները» զարգացնելու բուռն փափաք կը յայտնէ եւ նամակը ստորագրած հետեւեալ ձեւով. «Ձեր հաւատարիմ ընկերը` Մոհամետ Մուրսի»:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ եգիպտական նախագահութիւնը Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութենէն նշեալ նամակին ճշգրտութեան շուրջ «բացատրութիւն մը» պահանջած է եւ այդ բացատրութիւնը ստանալէ ետք հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ:
- 0 Comments
- 84 views
- Tweet
Email
Print



