Thursday May 16, 2013

Ժողովրդավարութեան Վնասները

By adminx - Fri Oct 19, 7:07 am

Մ. ԿԵՍԱՐԵԱՆ

Ո՞վ  ըսաւ, որ միայն քաղաքավարութիւնն է, որ վնաս կը հասցնէ ( ՅՊ-ին ականջը խօսի. ինչքա՜ն կը զգանք անոր բացակայութիւնը մեր օրերուն. վերնագիրն ալ այս ձեւով  իրմէ բանագողութիւն եղած չ՛ըլլար, քանի աղբիւրը գոնէ անուղղակիօրէն կը նշուի): Ինչպէս քաղաքավարութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ալ շատ անգամ վնաս կը հասցնէ անհամեմատօրէն աւելի մեծ եւ աւելի յաճախ:

Սխալ չհասկցուինք. երկուքն ալ մարդկային քաղաքակրթութեան ամէնէն ազնիւ նուաճումներէն են: Կրնա՞ք երեւակայել, թէ ի՜նչ կ՛ըլլար մարդկութեան վիճակը, եթէ, օրինակի համար, առաւօտ կանուխ արթննայիր, դրացիիդ անուշ ժպիտով մը մօտենայիր եւ ինք քեզի փոխանակ «բարի լո՛յս դրացի. ինչպէ՞ս քնացար այս գիշեր. արդեօ՞ք գէշ երազ մը տեսար» հարցնելու դէմքի ահաւոր ծամածռութեամբ մը երեսիդ գոռար`

«Գիշերը խռկոցդ աշխարհը բռներ էր, ապո՛ւշ, եթէ բժիշկի դրամ չես ուզեր ծախսել,  ես այստե՛ղ պիտի բերեմ զինք եւ ծախսը դատարանի միջոցով քեզի փսխել պիտի տամ»: Ահաւոր բան կ՛ըլլար: Ամէն օր անձնական, ընտանեկան, ընկերական, ընկերային, թաղային, տեղական մանր-մունր պատերազմներ: Ի՞նչ պիտի պատասխանէիր երեսիդ առտու կանուխ այդ ձեւով նետուած բիրտ դիտողութեան. հակառակ ստացած դասական ու պահպանողական դաստիարակութեանդ տուեալ պայմաններուն մէջ շատ հաւանաբար պիտի փոխադարձէիր` «Քիչ մը քաղաքավար եղիր ծօ՛ յիմար, այլապէս` քիթդ-բերանդ մէկ կ՛ընեմ», եւ այսպիսի մեղրի կաթիլներով Յովհաննէս Թումանեանի հոգեհանգիստը օրական քանի՜-քանի անգամներ պիտի կատարուէր:

Այս օրինակը տուած ատենս ինքզինքս ա՛լ աւելի համոզեցի, որ քաղաքավարութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը իրարու ազգական յղացքներ են: Մեծ գիւտ մը ընելու պէս մտածեցի, որ ժողովրդավարութիւնը գոյութիւն ունեցողներուն մէջ ո՛չ միայն ամէնէն լաւ (Չըրչիլ), այլ նաեւ` ամէնէն քաղաքավար վարչակարգն է: Ուրեմն Յ.Պարոնեանը թող շատ չանհանգստանայ. իր վերնագիրը անտեղի կերպով փոխ չէ առնուած. ինչ որ ինք ըսած է քաղաքավարութեան մասին, մանր բարեփոխումներով ի զօրու է նաեւ ժողովրդավարութեան համար. լաւի եւ գեղեցիկի կողքին` կեղծիքն ու վնասը հոս ալ կայ, հոն ալ կայ: Օրինակ` ժամանակին ափրիկեան եւ ասիական որոշ թիւով աղքատ երկիրներուն տուին «թերզարգացեալ երկիրներ» անունը, որպէսզի անոնց անունը մէկ-մէկ չտրուի, մանաւանդ որ անոնց անունները խեղճ քաղաքակրթուածներուն կողմէ ատենին դժուար հնչելի էին. Զիմպապուէ, Մատակասքար` Աթանանարիվօ մայրաքաղաքով եւ այլն: Սակայն ատեն մը ետք այդ անունը տուողները մտածեցին` «Չ՛ը՛լլար: Մեզի չի վայելեր: Մենք ժողովրդավար ենք, հետեւաբար նաեւ` քաղաքավար» եւ նոյն երկիրներուն փակցուցին «զարգացող երկիրներ» անունը: Այս որակումները իրարմէ շատ ալ տարբեր չէին, բայց երկրորդը առաջինէն աւելի նուրբ էր. առաջինը` կոշտ ու կոպիտ, մարդակերութիւն յիշեցնող, իսկ միւսը` բարի յուսոյ հրուանդան: Այսինքն` «մարդակեր» ըսելու տեղ կ՛ըսէին «ամենամսակեր». որո՞ւն միտքէն պիտի անցնէր, որ մարդն ալ կար մէջը. բայց փաստօրէն կա՛յ. այդպէս չէ՞: Ժողովրդավար են, ուրեմն` ինքնաբերաբար քաղաքավար: Եզրաբանական-ստուգաբանական  իմաստով ալ, ժողովրդագրական բաշխումի արդի պատկերով ալ նոյնն է. վերջապէս մեր օրերուն ժողովուրդի մեծամասնութիւնը իր կեանքը քաղաքներու մէջ կը վարէ:

Խոստովանինք, որ այս վերջին իբր թէ սրամտութիւնը քիչ մը պաղապուր դուրս եկաւ: Բայց վերջապէս ի՞նչ կ՛ակնկալէք, երբ հարցը լեզուաբանական խնդիրներու մասին է. այդ մարզէն սրամիտ բան կրնա՞յ դուրս գալ: Շատ լուրջ վէճեր կան. արեւելահայերէ՞ն, թէ՞ արեւմտահայերէն. մեսրոպեա՞ն, թէ՞ աբեղեան. չեն անդրադառնար, որ այս բոլոր վէճերուն զուգահեռ նոր սերունդներուն մօտ մեսրոպեան ուղղագրութիւնը չէ, այլ մեսրոպեան տառե՛րը անհետանալու վրայ են: Ատեն մը վերջ հայերէն գիր պիտի չմնայ, որպէսզի այս կամ այն որդեգրուած կամ պարտադրուած ձեւով ուղիղ հայերէն գրուի: Տեսա՞ծ էք նորերու (շատ անգամ ալ հիներու) գրած ելեկտրոնային նամակագրութենէն նմուշներ: Այդտեղ հայկական այբուբենի լատինատառ ջարդ տեղի կ՛ունենայ, հակառակ մեր փառապանծ լեզուաբաններու եւ մշակոյթի պահապաններու բորբոքած բողոքներուն: Իսկ եթէ պատահի, որ շնորհքի վայրկեանի մը հայատառ նամակ գրուի` կը զղջաս նախապէս դիտողութիւն ըրած ըլլալուդ, որովհետեւ, կրնայ ըլլալ, որ «ձիթապտուղ»-ը վերածուի «թսիթապտուկհ»-ի. Սուրբ Մեսրոպն ալ, Մանուկ Աբեղեանն ալ, բոլորս ալ բերանը բաց կը մնանք այսպիսի հրաշքներու առջեւ: Կարելի՞է այս նիւթերով սրամտութիւն ընել եւ խնդալ առանց միաժամանակ լալու:

Այս բոլորի կողքին հիմա կ՛անդրադառնամ, որ յօդուածիս վերջաւորութեան հասած եմ, սակայն` նիւթը սպառելէն բաւական հեռու եմ: Ինչի՜ մասին պիտի խօսէի ես եւ ո՞ւր հասայ: Ո՞ւր են ժողովրդավարութեան վնասները:

Վնաս չունի: Այդ մասին ուրիշ անգամ կը խօսինք: Վերջ ի վերջոյ երբեք չեմ լսած, որ համբերութիւնն ալ վնասակար կողմ մը ունենայ: Ժամանակ կա՛յ: Այդպէս չէ՞:

 

 

1 Comment

Comments -49 - 0 of 1First« PrevNext »Last
  1. Բաւական է այսպէս հաճելի, գրաւիչ, զուարճալի եւ (interactive) Հայերէն հոդուած չէի կարդացած, շնորհակալութիւն Մ.Կ.

Comments -49 - 0 of 1First« PrevNext »Last

Leave a Reply

Advertisement