Արամ Ա. Կաթողիկոս` «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ
By adminx - Fri Oct 19, 7:06 am
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print
Չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս անպաշտօն այցելութիւն մը տուաւ «Թռչնոց բոյն» եւ շուրջ ժամ մը եղաւ «Թռչնոց բոյն»-ի փոքրիկներուն հետ: Վեհափառը հանդիպում ունեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէնին, ուսուցիչներուն ու պաշտօնեաներուն հետ, որպէսզի աւելի մօտէն ծանօթանայ վերջին շրջանին հոն կատարուող աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ տեղեակ դառնայ հաստատութեան դիմագրաւած մտահոգութիւններուն մասին:
Ապա վեհափառ հայրապետը իր ժամանակին մէկ կարեւոր բաժինը յատկացուց փոքրիկներուն, այցելեց անոնց ննջարանները եւ դասարանները, հանդիպեցաւ անոնց հետ «Թռչնոց բոյն»-ի շրջափակին մէջ եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ անոնց առօրեայ կեանքով ու յատկապէս կրթական աշխատանքով:
Վեհափառ հայրապետը մեծապէս քաջալերեց ու գնահատեց «Թռչնոց բոյն»-ին ճամբով տրուող խնամքը հայ փոքրիկներուն: Յայտնենք, որ այս տարի 40 փոքրիկներ կան «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ: «Թռչնոց բոյն»-ը հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի: Ցեղասպանութենէն ետք հազարաւոր փոքրիկներ խնամուեցան այս հաստատութեան մէջ: Սփիւռքի միակ որբանոցն է ան եւ լծուած է նոյն առաքելութեան: Անոր նպատակն է ծնողքէ զուրկ, դժուարութեան մատնուած կամ անտէր մնացած հայ մանուկին տէր դառնալ: Հայ ժողովուրդը ամբողջ սփիւռքի մէջ յատուկ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ այս հաստատութեան նկատմամբ` նաեւ նիւթապէս աջակցելով անոր մարդասիրական առաքելութեան: Իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգային ծառայութեան կարեւոր մարզերէն մէկը, «Թռչնոց բոյն»-ը վեհափառ հայրապետին մնայուն խնամքին ենթակայ է:
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print



