Wednesday May 22, 2013

«Սփիւռք Յուշատետր Նոր Տեսլականի» (Հեղինակ` Մկրտիչ Լ. Պուլտուքեան)

By adminx - Fri Oct 19, 5:44 am

2011-ին Պէյրութի մէջ «Սիփան» հրատարակչատան տպարանէն լոյս տեսաւ լիբանանահայ ճարտարապետ Մկրտիչ Լ. Պուլտուքեանի «Սփիւռք» յուշատետր նոր տեսլականի» խորագրեալ հատորը:

Հեղինակը ծնած է 1938-ին, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մխիթարեան, իսկ երկրորդական ուսումը` Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարաններուն մէջ: Ապա հետեւած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի երկրաչափական ճիւղին եւ 1963-ին արժանացած` պսակաւոր ճարտարապետի վկայականին:

Ունեցած է հասարակական գործունէութիւն` մշակութային եւ մարզական կեանքի մէջ: Վարած է Լիբանանի հայ ճարտարագէտներու միութեան ատենապետութիւնը: 1997-էն ի վեր կը մասնակցի «Կարտըն Թաուըր» պանդոկի «Monday Forum» Լիբանանահայ արուեստագէտներու շաբաթական շարժումին: Եղած է անդամ` Լիբանանի թեմի Քաղաքական ժողովին:

Յիշեալ հրատարակութիւնը կը բաղկանայ 160 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 16 բաժիններ, որոնց հիմնական առանցքը կը կազմէ սփիւռքահայ ներկայ իրականութիւնը եւ զայն բաղադրող տարրերը:

Ժամանակակից հայ կեանքը առողջ եւ անվթար գոյավիճակի փոխակերպելու ցանկութեամբ, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ բաւարար չէ մատնանշել մեր տկարութիւնները, այլ հարկէ իրապաշտ ըմբռնումով ցոյց տալ անոնց հիմնական դրդապատճառները, որպէսզի կարենանք յաղթահարել զանոնք գործնական միջոցներով:

Այս կապակցութեամբ, հեղինակը ուղղելով իր խօսքը բոլոր լիբանանահայերուն` հարց կու տայ, թէ ի՞նչ  է տարբերութիւնը անցեալի եւ ներկայի մեր բարոյական արժէքներուն: Թէ` ի՞նչ է մեր հաւատամքը, եւ թէ` ի՞նչ կը ծրագրենք կատարել յառաջիկայ տասնամեակներուն Լիբանանի թէ այլ գաղութներու մէջ:

Հեղինակը կը հաստատէ այն տխուր իրողութիւնը, թէ ամէն տարի հայկական վարժարաններու աշակերտներուն թիւը կը նուազի: Թէ` մեր մամուլն ու գրականութիւնը կը գործեն առանց տնտեսական ամուր կռուանի: Այս ընթացքով հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութիւնը հետզհետէ պիտի աղաւաղուի:

Պուլտուքեան կ՛ըսէ, թէ ներկայիս մեր գլխաւոր առաքելութիւնն է պահպանել սփիւռքահայերու մշակոյթը` բարելաւելով անոնց տնտեսական վիճակը:

Ըստ հեղինակին, անհրաժեշտ է որդեգրել յստակ գաղափարախօսութիւն մը, որպէսզի կարենանք կազմակերպել մեր գործունէութիւնը: Այս ուղղութեամբ, ան կ՛առաջարկէ մատնանշել կարեւոր հարցերը, քննել զանոնք ըստ էութեան եւ գիտնալ անոնց պատճառներն ու արդիւնքները:

Մկրտիչ Պուլտուքեան բացայայտելով իր ազգային հաւատամքը` կ՛ըսէ, թէ կը հաւատայ Հայաստանի սուրբ հողին, Արարատին, ազատութեան եւ անկախութեան: Կը հաւատայ պատմական Հայաստանի սահմաններուն ամբողջութեան ու կը հաստատէ, թէ հայկական քաղաքակրթութիւնը արժէքաւոր գանձ մըն է:

Կատարելով քննարկումը սփիւռքի գոյավիճակին` հեղինակը կ՛ըսէ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը օտար ազգերու կողմէ մաս կը կազմէ մեր հաւաքական զօրութեան: Իսկ մեր անմիաբանութիւնը քաղաքական ու եկեղեցական մարզերու մէջ կը ջլատէ մեր հասարակական կամքն ու ցեղային կենսունակութիւնը: Հետեւաբար ան կը թելադրէ, որ օգտագործենք այլազան նպաստաւոր առիթներ, որպէսզի կարենանք բարձրացնել սփիւռքահայ մշակոյթը` միջազգային արժէքներու մակարդակին:

Պուլտուքեան կ՛ըսէ, թէ սփիւռքահայու ինքնութիւնը կարելի է ճշդել` կատարելով հետեւեալ հարցադրումը, թէ ի՞նչ ծագում ունի սփիւռքահայը, ներկայ կը գտնուի՞ եկեղեցական արարողութիւններու, հայերէն կը խօսի՞ արդեօք, կը հետաքրքրուի՞ հայ մշակոյթով, կը սիրէ՞ հայկական ճաշերը, կը հետեւի՞ հայ մամուլին, կը շահագրգռուի՞ հայ գրականութեամբ, ընկերային շրջանակներու մէջ ջատագովը կը հանդիսանա՞յ մեր հինաւուրց աւանդութիւններուն, կը ցուցաբերէ՞ համայնքային գործունէութիւն:

Ապա հեղինակը ցոյց կու տայ այն յատկանիշները, որոնք կը պարզեն հայկական ինքնութիւնը, եւ նաեւ կը բացատրէ, թէ ի՞նչ ձեւով կը պահպանուի այդ ինքնութիւնը:

Խորանալով սոյն հարցին մէջ` կ՛ըսէ, թէ ինքնութեան բաղադրիչ տարրերը կը հանդիսանան անցեալի արմատները, հայկական բնօրրանը, դիւցազներգութիւնը, աւանդները, ընտանիքը, պատմութիւնը, եկեղեցին, լեզուն, հայեցի դաստիարակութիւնը, քաղաքական կազմակերպութիւնները եւ մշակութային միութիւնները:

Մկրտիչ Պուլտուքեան կ՛ըսէ, թէ լիբանանահայ համայնքի կազմաւորումն ու զարգացումը մաս կը կազմեն իր ներկայ ուսումնասիրութեան: Այս յղացքով, կը յիշէ 1915 թուի հայոց ջարդերուն եւ 1922 թուի Կիլիկիոյ պարպումին յաջորդող տարիները,  երբ Եղեռնէն ճողոպրած տարագիր հայ ժողովուրդը կ՛ապրէր Լիբանանի մէջ, ուր իրեն թոյլատրուած ազատ պայմաններու տակ կը պահէր իր ազգային ինքնութիւնը` ջամբելով հայեցի ուսում հայ գաղթական սերունդներուն:

Իր հարազատ օճախէն զրկուած լիբանանահայ համայնքը կարճ ժամանակի ընթացքին կազմաւորուեցաւ: Պէյրութի արեւելեան թաղամասերը կոչուեցան` Նոր Կիլիկիա, Նոր Ատանա, Նոր Հաճըն, Նոր Մարաշ, Նոր Սիս, Նոր Թոմարզա, ուր, ատեն մը ետք, իւրաքանչիւր թաղամաս ունեցաւ իր եկեղեցին, յարակից դպրոցը եւ կուսակցական ակումբները: Սոյն թաղամասերու մէջ արաբերէն լեզուն չէր գործածուեր մինչեւ Լիբանանի անկախութեան հռչակումը:

Լիբանանի մէջ, քառասուն տարուան ընթացքին, հայ համայնքը կը դառնար տնտեսական զրաւոր ուժ մը, երբ համալսարանաւարտ երիտասարդներ եւ ազատ ասպարէզի հայեր ձեռնարկեցին բազմատեսակ աշխատանքներու:

Հակառակ հայ համայնքի ներքին պառակտումներուն, հայ կրթական օճախները կը զարգանային տարուէ տարի:

Մկրտիչ Պուլտուքեան կ՛ըսէ, թէ 1965-էն ետք սկսաւ ազգային պահանջատիրութեան շարժումը, երբ փաղանգ մը հայ հերոսներ ահաբեկչական խիզախ գործողութիւններով ցնցեցին միջազգային հանրային կարծիքը` Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ:

Ապա հեղինակը կը ներկայացնէ սփիւռքի կրթական համակարգը` յայտնելով, թէ ներկայիս օտար վարժարաններ յաճախող աշակերտներու ընդհանուր թիւը կը պարզէ մտահոգիչ երեւոյթ մը: Այս պատճառով, հայ վարժարանները տագնապի մէջ են:

Հատորի վերջին բաժիններով Մկրտիչ Պուլտուքեան կը բացայայտէ Հայաստան-սփիւռք փոխյարաբերութիւնները, Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովները, Հայաստան-սփիւռք տնտեսական փոխյարաբերութիւնները եւ Հայաստան-սփիւռք մշակութային փոխյարաբերութիւնները:

Եզրակացնելով իր մտածումները սփիւռքահայ ներկայ իրականութեան մասին` Մկրտիչ Պուլտուքեան կը փոխանցէ այն համոզումը, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի համայնքներու ղեկավարները բարձր մակարդակի վրայ պէտք է կատարեն երկխօսութիւն եւ բազմատեսակ խորհրդակցութիւններով գոյացնեն համաձայնութիւն` ազգային գերագոյն նպատակներու շուրջ:

Արդարեւ, «Սփիւռք» Յուշատետր նոր տեսլականի» խորագրեալ իր ուսումնասիրութեամբ, Մկրտիչ Լ. Պուլտուքեան կ՛ըսէ, թէ հայապահպանումը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը հանգրուանային միջոցներ են, որոնց շնորհիւ պիտի տիրանանք մեր հողային արդար իրաւունքներուն:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Օգոստոս, 2012
Պէյրութ

Leave a Reply

Advertisement