«Թուրքիա Ապաստանած Հայերը Դուրս Հանենք, Արձանագրութիւնները Ե՛տ Քաշենք»
By adminx - Fri Oct 19, 5:40 am
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նիստին խիստ վիճաբանութիւններ տեղի ունեցան հայկական խնդրին շուրջ: Արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւուտօղլու բացատրութիւններ տուաւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած փրոթոգոլներուն ճակատագրին, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու ու Շուէտի մէջ քուէարկուած հայկական բանաձեւերուն մասին:
Դարձեալ հայերու դէմ խիստ ելոյթ ունեցաւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն (Ճէ. Հէ. Փէ.) Ճանան Արըթման. ան ուզեց, որ սահմանէն դուրս հանուին Թուրքիա ապաստանած փախստական հայաստանցիները: Ազգային շարժում կուսակցութեան (Մէ. Հէ. Փէ. երեսփոխաններն ալ պահանջեցին, որ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ ստորագրուած փրոթոգոլները ետ քաշուին խորհրդարանէն ու ջնջուած նկատուին: Բայց արտաքին նախարար Տաւուտօղլու դէմ եկաւ այս առաջարկին ու ըսաւ, որ փրոթոգոլները պատրաստուած են, որպէսզի ամբողջ աշխարհին ցոյց տրուի, թէ Թուրքիա համաձայնիլ չուզող երկիր մը չէ: Ուստի փրոթոգոլները ետ պիտի չքաշուին խորհրդարանէն:
- 0 Comments
- 39 views
- Tweet
Email
Print



