Wednesday Jun 19, 2013

Արդեօք Տակաւին Կը Գտնուի՞ն Տղաք, Որոնք Երազկոտ Են Ու Կը Հաւատան Իտէալական Աշխարհին… Եթէ Կան,Միայն Անոնք Թող Կարդան…

By adminx - Fri Oct 19, 5:38 am

ՏՕՆԻԿ Տ.

Սիմոն Զաւարեանի մահուան 99-րդ ամեակն է …

Անոր կենսագրութիւնը տալու մտադիր չենք այստեղ, ոչ ալ գովերգանքի մը տողերը պիտի գրենք (չենք կրնար ընել, չէ՞ որ «Դաշնակցութեան խիղճը» ծանօթ է բոլորին …), այլ անոր «մաքրագոյնը մաքուրներէն»-ի տիտղոսէն մղուած, փորձենք երկտողով մը իրմով մաքրուիլ` վերյիշելով «աշխարհիկ սուրբ»-ի յատկութիւնները ու քալել …

Եթէ տակաւին քալել կ՛ուզենք …

Եթէ այսօրուան մեր մթին էութիւնը լուսաւորելու անհրաժեշտութիւնը կը զգանք, ապա Ս. Զաւարեանի հոգին մեր մէջ վերագտնելու հրամայականին առջեւ պէտք է գտնուինք:

Եթէ իսկապէս կ՛ուզենք մեր հաւաքական կեանքը ըլլայ բեղմնաւոր, ապա Զաւարեանի «գործաւոր» – «մշակ»-ի հոգեբանութեամբ լծուինք աշխատանքի:

Իսկ եթէ խորապէս կ՛ուզենք Զաւարեանի չտեսած հայրենիքի մը համար նուիրագործել մեր հաւաքական ճիգերն ու ջանքերը, ապա անոնց տանք սաստկութիւն …

Սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ կռուինք բոլոր այն երեւոյթներուն դէմ, որոնք կը վտանգեն մեր գոյութիւնը, մեր շարունակականութեան կը սպառնան: Կռուինք` օտարամոլութեան, դաւաճանութեան, անարդարութեան, հայրենի պետութեան թուլութեան, նաեւ պետականութեան անզօրութեան եւ այլ երեւոյթներու դէմ. Եւ այս բոլորը Զաւարեանի հոգին ու տիպարը վերակենդանացնել կ՛ենթադրէ … եւ այս բոլորը … եթէ իսկապէս կ՛ուզենք …

Իսկապէս կ՛ուզե՞նք … թէ՞ կ՛ապրինք բաղձանք, ունինք կարիք …

Մենատիրութեան, եսասիրութեան, աթոռամոլութեան, փառամոլութեան եւ այլ գանելի երեւութային ձեռքերով խաչուած Զաւարեանի տիպարին յարութիւն տալու բաղձանքը կ՛ապրինք այսօր:

Զաւարեանի սրբութեան, հոգիի մաքրութեան եւ անշահախնդիր նուիրումի յատկանիշներուն կարիքը ունինք այսօր, այլապէս կը կորսնցնենք իտէալական աշխարհի երազկոտ տենչանքն անգամ, որ քիչ մը յոյս կը ներշնչէ … երազելու կարիքը ունինք այսօր:

Զաւարեանի համայնական ապրումներուն, անկողմնակալութեան, արդարութեան եւ անաչառութեան յատկանիշներուն կարիքը ունինք այսօր, այլապէս կ՛իմաստազրկուի մեր գոյութեան իմաստը … գոյութեան կարիքը ունինք այսօր:

Զաւարեանական յատկանիշները վերականգնել է պէտք:

Զաւարեանի հոգիին յարութիւն է պէտք:

…………

Սիմոն Զաւարեանի մահուան 150-րդ ամեակն է

Բայց տակաւին Զաւարեանի հոգիին յարութիւն է պէտք:

 

 

Leave a Reply

Advertisement