Sunday May 26, 2013

50 Տարի Առաջ ( 19 Հոկտեմբեր 1962 )

By adminx - Fri Oct 19, 5:31 am

Հայաստան

Նոր Եւ Արժէքաւոր Հնութիւններ

Արին բերդին (Էրեբուն) պեղումներով զբաղող խումբին ղեկավարը` Կ. Յովհաննիսեան կարգ մը նորութիւններ յայտնած է Հայաստանի հեռագրական գործակալութեան թղթակիցին. «Քրիստոսէ առաջ Ը. դարուն հիմնուած ուրարտական այս մեծ քաղաքին միջնաբերդին մէջ, այս տարի, գտնուեցաւ ցարդ մեզի համար անծանօթ «Արի» անունով խորհրդաւոր շէնք մը: Այս անունը, զոր ուրարտացիները կը գործածէին բնորոշելու համար շինութեան մը տեսակը, հանդիպած ենք ուրարտական բազմաթիւ արձանագրութիւններու մէջ: Առաջին անգամն ըլլալով գտնուած այդ շէնքին վրայի արձանագրութիւններէն կը պարզուի, թէ այդ շէնքը կը պատկանի «Արի» կոչուած շինութիւններու տեսակին: Առ այժմ մեզի համար անծանօթ կը մնայ շէնքին նպատակը, այսուհանդերձ, պարզ է, թէ ան գործածուած է հանրային նպատակի մը համար:

Կոթողը կը գտնուի միջնաբերդին կեդրոնը, Խալդ չաստուծոյ տաճարին քով: Կոթողին աջ կողմը կը կը գտնուի Մենուայի որդի Արգիշտի թագաւորին շինած պալատը: Միւս կողմերը պահեստներն են եւ միջնաբերդին պարիսպը:

Շէնքը ամբողջովին ծածկուած էր հողով: Կեդրոնական մասին մէջ բացինք հինգ հարիւր քառակուսի մեթր մակերեսով դահլիճ մը, որ հաւանաբար եղած է սիւնազարդ: Իր չափերով գեղարուեստական եւ ճարտարապետական ձեւաւորումով այդ դահլիճը կը գերազանցէ մեր գիտցած ուրարտական բոլոր դահլիճները: Անոր պատերուն վրայ յայտնաբերեցինք հարուստ որմնապատկերներ` բնական մեծութեամբ մարդոց նկարներ, դիմանկարներ եւայլն:

Պեղեցինք նաեւ շէնքին տասնչորս սենեակները, որոնց մէկ մասը ունի նոյնպէս որմնանկարներ:

Գտնուած արժէքաւոր իրերէն կ՛արժէ յիշատակել հռոմէացի Օգոստոս կայսրին (Ք. Ե. առաջին դար) արծաթեայ դրամը:

 

Նշան Փալանճեան Ճեմարանէն Ներս

Այս տարի եւս ճեմարանի դուռները ունեցան նորեկներու արձանագրութիւններ, վերաքննութիւններ ու քննութիւններ: Հոկտեմբեր 9-ին գումարուեցաւ առաջին մանկավարժական ժողովը եւ 10-ին սկսան դասերը, բնականոն պայմաններու մէջ:

Ճեմարանի ուսուցչական կազմը գրեթէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած. այս տարի ունինք 19 ուսուցիչներ եւ 21 ուսուցչուհիներ:

Առ 15 հոկտեմբերի, Ճեմարանի աշակերտութեան թիւն է:

Մանկապարտէզ, երեք դասարան` 130 Պատրաստական, չորս դասարաններ չորս զուգընթացներով` 180 ճեմարանական եօթը դասարաններ` 197, ազատ ունկնդիրներ` 15, Աշակերտութեան ընդհանուր թիւ` 522:

Այս թիւը կրնայ հասնիլ մինչեւ 550-ի:

Այս տարի վերանորոգութեան ենթարկուեցաւ եւ ընդարձակուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան անունը կրող մանկապարտէզը, որուն աշակերտութիւնը տարուէ տարի կ՛աւելնայ:

Բարեփոխուած են նաեւ գիշերօթիկ բաժնի ճաշարանն ու խոհանոցը թիւ 3 նոր շէնքին մէջ լուսաւոր եւ` յարմարութիւններով օժտուած:

Ճեմարանի ելեւմուտքը կը հաւասարակշռուի աշակերտական թոշակներով, սան պահող անհատներու եւ կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ: Հայ կրթական հիմնարկութեան յատկացումով եւ զանազան նուէրներով:

Ճեմարանի դրամատունը միշտ կը մնայ հայ ժողովուրդը:

15 հոկտեմբեր 1962

Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանի
Տնօրէնութիւն

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement