Thursday May 23, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Fri Oct 19, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Օրը փայլուն է եւ` յաջողութեամբ յորդուն: Ձեր հմայքը պիտի ըլլայ վարակիչ: Ձեր շուրջինները պիտի հետաքրքրուին ձեզմով: Մնացէք ուրախ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր խօսքերուն ուշադիր եղէք, ամէն մարդու դիմաց ճշմարտութիւնը անգամ սխալ կը հասկցուի: Գալիք օրերը պիտի խօսին այդ մասին:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ խմբական կարգով կ՛աշխատիք, ձեր միջեւ հասկացողութիւնը պէտք է ըլլայ պարտադիր: Ամէն մէկ աշխատող իր գործը պիտի կատարէ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ կ՛ուզէք, որ ձեր օրը աւելի հանգիստ ու խաղաղ անցնի, ձեր մօտ հրաւիրեցէք ձեր սիրած բարեկամը, որպէսզի մտածէք միասնաբար ձեր յառաջիկայի ծրագիրին մասին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գիտէք, որ մարզանքը կը բարելաւէ ձեր ֆիզիքականը, կը հանգստացնէ ձեր ջիղերը, ուրեմն ինչո՞ւ կը ծուլանաք: Նկատի առէք այս իրականութիւնը, որպէսզի ետքը չզղջաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Յարդարեցէք ձեր բնակարանը, կամ` ուր որ կ՛ապրիք, որպէսզի ձեր տրամադրութիւնը բարձրանայ եւ ձեր ինքնութիւնը մնայ հաստատ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շաբաթավերջի համար պատրաստեցէք պտոյտ մը կամ հանդիպում մը, որպէսզի թեթեւնայ ձեր ծանրաբեռնուած վիճակը: Անտարբեր մի՛ մնաք նման պարագաներու, օգտուեցէք պահուն ստեղծած առիթներէն:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ դրամ ունիք, այդ չի նշանակեր, որ պէտք է մսխէք: Ծախսեցէք օգտակար եւ կարեւոր պիտոյքներու համար: Խնայասէր մնացէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընկերային կեանքի մէջ ձեր ներկայութիւնը հաճելի պիտի ըլլայ: Եթէ խմբական աշխատանք մը ունիք, յարգեցէք ձեր ընկերակիցները:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Որոշած էք զարգացնել ձեր գիտութիւնը, մասնաւորաբար` օտար լեզու մը սորվելու: Կատարեցէք ձեր այս փափաքը, որովհետեւ մարդկային յարաբերութիւնը կը սկսի խօսակցութեամբ: Որքան շատ լեզու, այնքան լաւ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը տօնական նկատեցէք եւ հետեւեցէք պատրաստուած յայտագրին: Ձեր մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է թէ՛ ձեզի եւ թէ՛ ձեր շուրջիններուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պատրաստ եղէք որեւէ առաջարկի, երբ հարցը կը վերաբերի ձեր ընտանիքին կամ ձեր աշխատանքին: Մի՛ խուսափիք պարտաւորութիւններէ:

Leave a Reply

Advertisement