«Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Օրէնքը Ամէնէն Ժողովրդավարականն Է Եւ Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Կրնայ Ապահովել» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
By adminx - Thu Oct 18, 7:41 am
- 0 Comments
- 124 views
- Tweet
Email
Print
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Օ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ընտրական նոր օրէնքը մշակելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն եւ Սուրիոյ տագնապին զարգացումներուն:
Իբրեւ ընտրական օրէնքի մշակման խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին անդամ Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախանցեալ օր իրենց գումարած անդրանիկ նիստը եղած է բաւական լուրջ, որովհետեւ յանձնախումբին բոլոր անդամները պատրաստակամութիւն յայտնած են քննարկելու ընտրական օրէնքը:
«Պահպանելու համար այդ յանձնախումբին աշխատանքներուն առողջութիւնը, մենք որոշեցինք կատարեալ գաղտնապահութիւն ցուցաբերել արձանագրուած քննարկումներուն եւ փոխանակուած միտքերուն առնչութեամբ: Միայն կրնանք յայտնել, որ մենք համաձայնեցանք, թէ ի՛նչ կարգով պէտք է ընթանան քննարկումները», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին մաս կազմող բոլոր կողմերը պատրաստ են խորհրդակցելու: «Մենք պիտի ջանանք ընտրական յստակ օրէնքի մը շուրջ համաձայնիլ, իսկ եթէ այդ մէկը անկարելի ըլլայ, ապա մենք պիտի վերադառնանք խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստին», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Այս շրջագիծին մէջ, երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ ընտրական օրէնքի բոլոր տարբերակները քննարկումի առարկայ են, ըլլան անոնք փոքր թէ միջակ ընտրաշրջաններ, համամասնական, մեծամասնական թէ «մէկ անձ, մէկ քուէ» տարազի վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքները:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Տոհայէն առաջ, Տոհայի համաձայնութեան ընթացքին եւ անկէ ետք, մնայուն ճիգեր կան հայկական քուէներուն կշիռը խախտելու ե՛ւ Պէյրութի, ե՛ւ Զահլէի, ե՛ւ Մեթնի մէջ: «Բայց եւ այնպէս, ես կ՛ուզեմ հաստատել, որ նոյնիսկ եթէ Պուրճ Համուտի եւ Ժտէյտէի առանձին ընտրաշրջան ըլլալու օրէնքին հիման վրայ կատարուին ընտրութիւնները, հայութեան քուէներուն կշիռը չի խախտիր, այլ կը շարունակէ տիրական մնալ սկսեալ Սին էլ Ֆիլէն, Տըքուենէ, Ժալ էլ Տիպ, Անթիլիաս, Մըզհեր, Պիքֆայա, Քըրնեթ Շեհուան, հասնելով մինչեւ Մազրաաթ Եաշուհ», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ թէեւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը նման ընտրաշրջաններու բաժանումներ չի կրնար հանդուրժել, սակայն ընտրական բոլոր օրինագիծերը քննարկումի ենթակայ կը մնան:
«Ընտրական օրէնքին մէջ կարեւորագոյն յատկանիշը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնն է` նկատի ունենալով բոլոր համայնքները: Երկրորդ կարեւորագոյն յատկանիշը հաւասարութիւնն է. Թաէֆի համաձայնագիրին եւ Թաէֆի սահմանադրութեան մէջ պարտադրուած է հաւասարութիւնը: Հետեւաբար անհրաժեշտ է սահմանադրութիւնը գործադրել Թաէֆի ոգիով: Երբ քրիստոնեայ համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութեան մասին կը խօսինք, կը խօսինք նաեւ իսլամներու ճշգրիտ ներկայացուցչութեան մասին: Քրիստոնեայ համայնքի ճշգրիտ ներկայացուցչութեան պարագային պէտք չէ այս կամ այն համայնքը իշխէ ուրիշ համայնքի մը որոշումին», ըսաւ ան:
Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ անիկա հիմնուած է Թաէֆի ոգիին վրայ եւ երկրին նոր շունչ կրնայ տալ, սակայն ան իտէալ օրէնք մըն է, որուն գործադրութիւնը դժուար է եւ այդ օրինագիծին շուրջ համախոհութեան նշոյլն իսկ կարելի չէ գոյացնել:
Համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ ժողովրդավարական առումով համամասնական դրութիւնը ամէնէն յարմար ձեւը պիտի ըլլայ` պահպանելու երկրին բազմազանութիւնը, իր բոլոր շերտերով եւ քաղաքական ուժերով:
1960 ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ օրէնքը պէտք է կոչել Տոհայի ընտրական օրէնք, որովհետեւ Տոհայի մէջ այդ օրէնքը բարեփոխուեցաւ: Այս շրջագիծին մէջ, Բագրատունի նկատել տուաւ, որ թէեւ այս օրէնքին դէմ հաւաքական մերժում չկայ, սակայն Պքերքէի մէջ միջմարոնիական հանդիպումը կտրականապէս մերժեց այս օրէնքը:
ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքները ամբողջ Լիբանանի տարողութեամբ կը կատարուին: «Այսինքն` ՀՅԴ-ն Մեթնի, Պեքաայի, Քեսրուանի եւ Պէյրութի մէջ զանազան դաշինքներու մէջ չի յայտնուիր: Այս մէկը սկզբունքային է: Եթէ որոշ ընտրաշրջաններու մէջ քաղաքական յստակ ուժերու հետ պիտի դաշնակցինք, ապա մնացեալ ընտրաշրջաններուն մէջ եւս նոյն ուժը կ՛ըլլայ մեր դաշնակիցը: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ մեր քաղաքական եւ ընտրական դաշինքին մէջ մենք հանգիստ ենք, սակայն ասիկա չ՛արգիլեր, որ այլ դաշնակիցներու հետ մենք մեր դռները փակենք, կամ առիթ չտանք այդ դաշինքը ընդարձակելու», հաստատեց Յ. Բագրատունի:
Անդրադառնալով խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, երեսփոխան Միշել Մըրի հետ ՀՅ Դաշնակցութեան ունեցած բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ ընտրական դաշինքին` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ բարեկամութիւնն ու դաշինքը ամուր են եւ ոչ մէկ արգելք կայ, որ այդ բարեկամութիւնը աւելի եւս ամրապնդուի` ընտրական այլ դաշինքներով:
Պատասխանելով ՀՅ Դաշնակցութեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Միշել Մըրի միջեւ եռակողմանի ընտրական դաշինքի գոյացման հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ բոլոր կարելիութիւնները պէտք է ի մտի ունենալ եւ ոչինչ բացառել:
Ընտրութիւնները յետաձգելու կամ ջնջելու հաւանականութեան անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Աստուած մի՛ արասցէ այդ մէկը կը պատահի, եթէ ապահովական մեծ ցնցում մը արձանագրուի կամ պատերազմ մը բռնկի: «Սակայն բոլորը պէտք է լաւ ըմբռնեն, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդավարութեան հիմքը կը նկատուին, եւ մենք` իբրեւ շրջանին մէջ ժողովրդավարական կարգերուն պարագլուխի դիրքը գրաւող երկիր, իրաւունք չունինք բռնատիրութեան երթալու, երբ շրջանին մէջ այլ երկիրներ դէպի ժողովրդավարութիւն իրենց առաջին քայլերը կը նետեն», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսականներուն յաւելումին մասին Յ. Բագրատունի նշեց, որ կառավարութիւնը այս իմաստով ձգձգումներու մէջ է եւ պէտք է վերջ տայ իր արձանագրած յապաղումին: «Կառավարութիւնն է, որ պէտք է լուծումներ գտնէ քաղաքացիին հարցերուն եւ ոչ թէ անկէ լուծումներ սպասէ», շեշտեց ան:
Ռումիէի բանտէն փախուստ տուած արգելափակեալներուն թղթածրարին մասին Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ դէպքը գայթակղութիւն է եւ հետեւանք է ապահովութեան ուժերուն կողմէ արձանագրուած թերացումներուն, ինչպէս նաեւ անոնց մեղսակցութեան:
Անդրադառնալով ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի կատարած այն յայտարարութեան, որ Ռումիէի բանտին մէջ կը գործէին ներքին ապահովութեան ուժերուն վատագոյն անդամները, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ իրականութիւնը իր կարգին իսկական գայթակղութիւն մըն է, որովհետեւ անիկա կը հարուածէ քաղաքացիին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու անդամներուն միջեւ վստահութիւնը:
«Իբրեւ պետութիւն կը հպարտանանք Արեւելքի Զուիցերիան կոչուելով, նախագահական պալատին մէջ վարդագոյն լուսաւորում կը կատարենք` կուրծքի քաղցկեղի նախազգուշութեան արշաւին զօրավիգ կանգնելու իբրեւ նշան, սակայն Ռումիէի բանտին դռները չե՞նք կրնար շինել: Ի՞նչ պիտի ըսենք մեր զաւակներուն, ի՞նչ բացատրութիւն պիտի տանք նորահաս սերունդներուն: Հոս պատասխանատուութեան հարց կայ եւ նման դէպքի մը պարագային ո՛վ որ ալ ըլլայ անհատը եւ պատասխանատուն, ապա ան պէտք է հրաժարի», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
«Այուպ» օդանաւին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք գաղափարական անձ մըն է եւ իբրեւ այդպիսին կը հաւատայ Դիմադրութիւն ունենալու Լիբանանի իրաւունքին: «Հետեւաբար, ինծի համար նման քայլ մը հպարտութիւն է, որովհետեւ ան անպարտելի թշնամի Իսրայէլի օդային տարածքը խզելու յանդգնութեան եւ պատրաստակամութեան ցուցանիշ է եւ կարելի է զայն նուաճում կոչել: Բայց եւ այնպէս, այդ գործողութիւնը կատարուած է քաղաքական որոշ կողմի մը որոշումով, եւ նման միակողմանի որոշումներու առաջքը առնելու համար մենք պէտք է արագացնենք Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան յանգելու ճիգերն ու աշխատանքները», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք համոզուած է, որ Ազգային երկխօսութեան նիստերը շարունակելով եւ կատարեալ գաղտնապահութեամբ կարելի է պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան մը յանգիլ:
- 0 Comments
- 124 views
- Tweet
Email
Print



