Կառավարութիւնը 31 Հոկտեմբերը Ճշդեց Յաւելումներու Ֆինանսաւորման Վերջին Ժամկէտ
By adminx - Thu Oct 18, 7:40 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը
Այսօր Ընդհանուր Գործադուլ Յայտարարեց
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ, զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները: Վարչապետ Միքաթի նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Քոնկօ եւ Քաթար կատարած իր այցելութիւններուն արդիւնքները:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսականներու յաւելումին ֆինանսաւորման միջոցները:
Նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ դատական իշխանութեան պարագային կատարուած նշանակումներուն, ինչպէս նաեւ բանակին կողմէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին ապահովութիւնը պարտադրելու նախաձեռնութեան:
Նախագահ Սլէյման դրուատեց այս նախաձեռնութիւնները` ընդգծելով, որ պէտք է շարունակել նոյն ընթացքով, որովհետեւ այդպիսով է, որ կարելի կ՛ըլլայ դատական հոլովոյթը իր ուղիին վրայ զետեղել եւ վերջ տալ փտածութեան ու մսխումին:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց շարունակելու 2013-ի պետական պիւտճէի քննարկումը եւ վաւերացնելու զայն` ըստ սահմանադրական ժամկէտին:
Նախագահ Սլէյման կառավարութեան ներկայացուց նաեւ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւնները: Ան նշեց, որ իրեն համար դրական տուեալ է այն, որ Սուրիոյ տագնապին երկու կողմերը ընդունած են քաղաքական լուծման մասին տարբերակներ քննարկել:
Կառավարութեան նիստին աւարտին յառաջիկայ 31 հոկտեմբերը ճշդուեցաւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսականներու յաւելումին ֆինանսաւորման միջոցներուն քննարկումը աւարտելու վերջին ժամկէտ:
Նշենք, որ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի առաջարկին համաձայն, կառավարութիւնը դուրսէն ներածուած ինքնաշարժներուն տուրքերը բարձրացուց 10-15 առ հարիւրով, ինչպէս նաեւ պարտադրեց տուրքեր` ոգելից ըմպելիներու, ծխախոտի, դրամատնային տոկոսներու, դրոշմաթուղթերու եւ շինարարական արտօնագիրներու վրայ:
Այսօր` Ընդհանուր Գործադուլ
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ Հաննան Ղարիպ կառավարութեան նիստէն ետք յայտնեց, որ խորհուրդը չի վստահիր կառավարութեան ճշդած ժամկէտներուն, հետեւաբար այսօր ընդհանուր գործադուլ յայտարարած է պետական բոլոր հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ անձնական եւ պետական վարժարաններուն համար:
Ղարիպ կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները այսօր դպրոց չուղարկելու:
Ան աւելցուց, որ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը կ՛ուղղուի ընթացիկ ամսուան վերջին երկու օրերուն ընթացքին այլ ընդհանուր գործադուլով մը անդամալուծելու ամբողջ Լիբանանը:
Իր կարգին, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ կոչ ուղղեց ծնողներուն իրենց զաւակները այսօր դպրոց չուղարկելու, եթէ կառավարութիւնը պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսականներուն յաւելումը խորհրդարան չփոխանցէ:
Մահֆուտ յայտնեց, որ այդ պարագային ուսուցիչները այսօր պիտի չդասաւանդեն:
Ան դիտել տուաւ, որ մսխումն ու փտածութիւնը կը գտնուին պետական բոլոր կառոյցներուն մէջ, եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պէտք է լաւ հետապնդէ այդ հարցերը, որպէսզի կարենայ ֆինանսաւորել ուսուցիչներուն եւ պետական պաշտօնեաներուն ամսականներուն արդար յաւելումները:
Միւս կողմէ, կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար հաստատեց, որ Լիբանանի ամբողջ տարածքին գործող կաթողիկէ բոլոր վարժարաններուն մէջ այսօր դասաւանդումի սովորական օր է:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print




