Լիբանան Կատարած Իր Հապճեպ Այցելութեան Ընթացքին` «Սուրիոյ Տագնապը Առյաւէտ Սուրիոյ Սահմաններուն Մէջ Կարելի Չէ Պահել» Շեշտեց Լախտար Իպրահիմի
By adminx - Thu Oct 18, 7:36 am
- 0 Comments
- 73 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ քանի մը ժամուան համար այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Իպրահիմի դիմաւորուեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պատշիրային հարցերու պատասխանատու Միրա Տահերի կողմէ:
Պէյրութ ժամանելէ ետք Իպրահիմի իսկոյն ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի ըլլայ շուտով լուծել երկխօսութեան ճամբով եւ ոչ թէ զինուորական կամ արտաքին միջամտութեան:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ շարունակուող այս տագնապը իր ժխտական հետեւանքները պիտի ունենայ, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն հետզհետէ ուռճացող թիւը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Պաապտայի յայտարարութեան, որուն մէջ յստակօրէն նշուած է երկրին չէզոք կեցուածքը` այլոց տագնապներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ այդ տագնապներուն հետեւանքները Լիբանան հասցնելու կանխարգիլման առնչութեամբ:
Նախագահ Սլէյման Իպրահիմիի յաջողութիւն մաղթեց` անոր ստանձնած այս լուրջ եւ կարեւոր պարտականութեան առիթով:
Իպրահիմի նախագահական պալատէն մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Այն Թինէի Մէջ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Լախտար Իպրահիմին:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Իպրահիմիի ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ամալ շարժումի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալալ Սահիլի:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:
Միքաթիի Մօտ
Լախտար Իպրահիմի Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը աւարտեց այցելելով վարչապետարան եւ հանդիպում մը ունենալով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման առումով ի գործ դրուող ջանքերը արդիւնքի մը յանգին եւ կարելի ըլլայ այդ տագնապին համար քաղաքական լուծում մը ապահովել:
Վարչապետը Իպրահիմիին յայտնեց նաեւ, որ Լիբանան կը զօրակցի տագնապը լուծելու, արիւնահեղութեան վերջ տալու եւ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատելու անոր առաքելութեան:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր որդեգրած չէզոք կեցուածքին: Ան դիտել տուաւ, որ ոմանց կողմէ քննադատութեան արժանացած Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած այս կեցուածքը ներկայիս արաբական եւ միջազգային համախոհութիւն կը վայելէ, որովհետեւ անիկա յաջողած է պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ Լիբանանը զերծ կացուցել Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ սուրիական տագնապին առաջին օրերէն սկսեալ Լիբանան մարդասիրական իր պարտականութիւններուն մէջ երբեք չէ թերացած, ընդհակառակն` գործած է միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` մարդասիրական օժանդակութիւններ ապահովելու համար Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Իպրահիմի շեշտեց, որ չկայ պետութիւն մը կամ երկիր մը, որ կ՛ըսէ, թէ Սուրիոյ տագնապը պէտք է շարունակուի: «Բոլորը կը շեշտեն, թէ Սուրիոյ մէջ կատարուածը վտանգաւոր է, սակայն անոնք մէկզմէկու կը վերագրեն Սուրիոյ իրադարձութիւններուն պատասխանատուութիւնը, մինչդեռ պահանջուածը Սուրիան իր այս փորձանքէն փրկելն է», ըսաւ Իպրահիմի` յոյս յայտնելով, որ Ատհայի տօնին առիթով զինադադարը հաստատուի:
Իպրահիմի մաղթեց նաեւ, որ սուրիացիները, որ իրենց հարցերուն հիմնական պատասխանատուներն են, այդ հարցերը լուծեն ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի օժանդակութեամբ: «Իսկ Սուրիոյ հարեւան ու սահմանակից երկիրները պէտք է քաջ գիտնան, թէ Սուրիոյ տագնապը առյաւէտ այդ երկրին սահմաններուն մէջ կարելի չէ պահել. կա՛մ այդ տագնապը կը լուծուի եւ կա՛մ կ՛ընդարձակուի` հրկիզելով թացն ու չորը», ըսաւ ան:
Իպրահիմի յայտնեց, որ ինք կ՛այցելէ այն երկիրները, որոնք կ՛ազդուին Սուրիոյ տագնապէն` աւելցնելով, որ ինք Լիբանանի իշխանութեան պետերուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին լսած է անոնց մտահոգութիւնները եւ անոնց փոխանցած այլ պետութիւններուն կեցուածքները:
Իպրահիմի հաստատեց, որ ոչ ոք իրեն հետ խօսած է Լիբանանէն Սուրիա զէնքի մաքսանենգումին կամ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի մասնակցութեան մասին:
Միջազգային եւ արաբական պատուիրակը մաղթեց, որ Ատհայի տօնին առիթով իր յայտարարած զինադադարին ընդառաջեն ե՛ւ սուրիական իշխանութիւնները, ե՛ւ սուրիական ընդդիմութիւնը:
Ան աւելցուց նաեւ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Սուրիոյ զէնք հայթայթող բոլոր պետութիւններէն խնդրած է վերջ տալ այդ երեւոյթին:
Իպրահիմի հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապը բարդ է ու դժուար, սակայն իրենք միջազգային բոլոր չափանիշերով եւ Ժընեւի ուխտին համաձայն կը գործեն նախ եւ առաջ արիւնահեղութիւնը կասեցնելու ուղղութեամբ եւ ապա հարցերը բոլոր կողմերուն հետ խորհրդակցելով լուծելու:
Աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը, Իպրահիմի մեկնեցաւ Յորդանան:
- 0 Comments
- 73 views
- Tweet
Email
Print





