Նախագահական Պալատին Մէջ Երդման Արարողութիւն
By adminx - Thu Oct 18, 7:34 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը եւ ընդհանուր դատախազ Հաթեմ Մատին, որոնք կատարեցին իրենց երդման արարողութիւնը:
Նշենք, որ այդ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի:
Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց Ֆահըտն ու Մատին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց` ընդգծելով դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն յատկացուելիք աշխատավարձի յաւելումը ֆինանսաւորելու առումով ելեւմուտքի նախարարութեան սերտած միջոցները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (տաման) նախագահ Թուպիա Զախիան:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print




