Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Thu Oct 18, 7:26 am
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ Ատհայի տօնին առիթով պետական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան յառաջիկայ 26 եւ 27 հոկտեմբերին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմող քրիստոնեաները կը հարուածեն Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքին շահերը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, պենզինի սակը նուազում կամ բարձրացում չարձանագրեց, իսկ մազութի թիթեղին սակը նուազեցաւ 100 լ. ոսկիով:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու առաւելագոյնը երկու անդամներ մեղսակցած են Ռումիէի բանտէն արգելափակեալներու փախուստին հարցով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սուրիական ընդդիմութենէն, յայտնեց, որ երեսփոխան Օքապ Սաքըր կը ֆինանսաւորէ եւ կը զինէ սուրիական ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ պատասխանատու է Սուրիոյ մէջ 11 լիբանանցիներուն առեւանգումին: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Սաքըր կը գտնուի Թուրքիա, ուր ֆինանսաւորում եւ զէնքեր կ՛ապահովէ սուրիական ընդդիմութեան մաս կազմող չորս խմբաւորումներու:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ շեշտեց, որ Լիբանանեան համալսարանի տարբեր մասնաճիւղերուն նախագահները նշանակուած են:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախանցեալ օր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանդիպում մը ունեցած է վարչապետ ՆԵժիպ Միքաթիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը եւ Լիբանանի վրայ անոր ունենալիք հաւանական հետեւանքները:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը վերստին պիտի կապուին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` քննարկելու համար ընտրական օրէնքը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը քննարկելու խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին նիստերուն առնչութեամբ գաղտնապահութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի կանխարգիլուի անոր դէմ տեղեկատուական արշաւը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազենը, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Հմայտին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը մարդասիրական օժանդակութիւններով կարելի չէ իրականացնել, այլ` կասեցնելով Սուրիոյ դէմ դաւադրութիւնները եւ վերջ տալով զէնքի ուղարկման:
ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print



