Wednesday May 22, 2013

Ակնարկ. Անբաղձալի Կացութիւն Մը

By adminx - Thu Oct 18, 5:52 am

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու առարկայական պայմանները Ամերիկայի մէջ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն համար ստեղծած են անբաղձալի ժամանակաւոր կացութիւն մը:

16 հոկտեմբերին, նախագահական թեկնածուներ` գործող նախագահ Պարաք Օպամա եւ հանրապետական Միթ Ռոմնի ունեցան իրենց պատկերասփռուած երկրորդ եւ նախավերջին բանավէճը: Նկատառելի է, որ անոնց առաջին բանավէճը ամբողջութեամբ յատկացուած էր ամերիկեան տնտեսութեան, իսկ երկրորդ բանավէճին ընթացքին թեկնածուներուն պատասխանած 11 հարցումներուն գլխաւոր նիւթը դարձեալ տնտեսութիւնն էր:

Երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին պատճառով, տնտեսութիւնն ու ամերիկացի քուէարկողները յուզող ներքին անմիջական հարցերը Միացեալ Նահանգներու 2012-ի նախագահական ընտրապայքարին տիրական նիւթերն են: Ներկայ ընտրական մթնոլորտին մէջ յստակ է, որ երկու թեկնածուներն ալ «լուսանցքային» նիւթերով զբաղիլը ժամանակի եւ ներուժի կորուստ կը նկատեն: Այդ պատճառով ալ անոնք ընտրապայքարի ընթացքին չանդրադարձան ամերիկահայերը յուզող հարցերուն: Տիրող կացութեան մէջ հայերն ու յոյները 5 միլիոն քուէարկողներու պլոք մը կազմելով` փորձեցին թեկնածուներուն ուշադրութիւնը գրաւել, սակայն ի զուր: Տնտեսութիւնը այնքան սուր հարցի մը վերածուած է, որ թեկնածուները կը թուին համոզուած ըլլալ, թէ հայ եւ յոյն քուէարկողները լատին ամերիկացիներուն նման իրենց աւանդական նիւթերէն այլ հետաքրքրութիւն պիտի ունենան: Արդարեւ, հարցախոյզ մը ցոյց կու տար, թէ աւանդաբար ապօրինի գաղթականներուն վերաբերող հարցերը կարեւոր նկատող լատին ամերիկացիներուն 75 առ հարիւրը տնտեսութեան վերաբերեալ թեկնածուներուն կեցուածքը կը նկատէ ընտրութեան մէջ իրենց կողմնորոշման գլխաւոր ազդակը: Սակայն այդ չէ միակ պատճառը:

Հայ քուէարկողներու նկատառելի թիւ մը ունեցող Մասաչուսեց նահանգի նախկին կառավարիչ Ռոմնի իր պաշտօնավարութեան ամբողջ ընթացքին հայկական հարցերու վերաբերեալ չէ արտայայտուած եւ հիմա ալ չարտայայտուեցաւ, որովհետեւ, ընտրական հաշիւներէ անկախ, ան այդ հարցերով պարզապէս չէ հետաքրքրուած: Ինչ կը վերաբերի Օպամայի, ապա անոր համար այդ հարցերուն շուրջ 2008-ին տուած եւ ապա դրժած խոստումները կրկնելը անտեղի քայլ մը պիտի ըլլար:

Երկու թեկնածուներն ալ արժանի չեն ամերիկահայութեան քուէները ստանալու: Բայց եւ այնպէս, նախագահի պաշտօնին վրայ խոստմնադուրժ Օպաման տեսնելը հայութեան համար կրնայ թերեւս չարեաց փոքրագոյնը ըլլալ: Հայկական հարցերու զօրակցող կեցուածքներու անցեալ մը ունեցող Օպամա 2008-ին հայկական հարցերու վերաբերեալ տուած է յստակ եւ ուժեղ գրաւոր խոստում մը, որ զինք այժմ միայն անձնական մակարդակի վրայ բարոյական որոշ պարտաւորութեան մը տակ կը դնէ: Օպամայի վերընտրութեան պարագային, 2008-ի խոստումէն բխող պարտաւորութիւնը թէեւ խոստմնադրժութեան եւ ընտրական նոր ծրագիրէն բացակայութեան պատճառով իր քաղաքական արժէքէն զուրկ պիտի ըլլայ, սակայն թերեւս Ռոմնիի ընտրութեան պարագային անոր այլընտրանքը եղող ոչինչէն նախընտրելի է:

 

 

Leave a Reply

Advertisement