Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Գագիկ Ղազանճեանի Եւ Լիլիթ Սողոմոնեանի Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն
By adminx - Thu Oct 18, 7:14 am
- 0 Comments
- 348 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի ժամանակակից գեղանկարչութեան ներկայացուցիչներէն Գագիկ Ղազանճեանի եւ Լիլիթ Սողոմոնեանի ցուցահանդէսին:
Ցուցահանդէսը կը վայելէր հովանաւորութիւնը ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հայ եւ օտար արուեստագէտներ ու արուեստասէրներ:

Բացման խօսքով ցուցասրահի վարչութեան անդամ Քարլա Թիւթիւնճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց արուեստագէտները: Ապա ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ արուեստագէտ զոյգի գործունէութեան եւ Համազգայինի հետ անոնց ունեցած կապին` հաստատելով, որ այս նախաձեռնութիւնը անպայման որ գեղանկարչական մարզին մէջ իր դրական ներդրումը պիտի ունենայ Հայաստան – Լիբանան կապերու յաւելեալ սերտացման մէջ:
Աւարտին արուեստագէտները խօսք առնելով յայտնեցին իրենց շնորհակալական բարձր զգացումները: Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 նոյեմբեր, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:
- 0 Comments
- 348 views
- Tweet
Email
Print



