Sunday May 19, 2013

Հաղորդագրութիւն

By adminx - Thu Oct 18, 7:13 am

Արեւմտահայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան պատրաստուած եւ կարող ուսուցիչ-ուսուցչուհի գտնելը, տարուէ տարի, սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար, կը վերածուի պարտականութեան մը, որ շատ դժուար է իրագործելը, եթէ ոչ անկարելի:

Այս այսպէս է, որովհետեւ կեանքի այլ ասպարէզներու մէջ յաջողելու կարողութիւնը ունեցող հայ երիտասարդին համար հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցչութեան ասպարէզը գրաւիչ չէ: Գրաւիչ չէ երկու պատճառով. առաջին` այդ ասպարէզին ապահովելիք նիւթական հասոյթը համեստ է: Երկրորդ` հայ հանրութիւնը անհրաժեշտ յարգանքը չի տածեր այդ ասպարէզի ուսուցիչին նկատմամբ:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը հաւատայ, որ ժամանակը եկած է, որ այս կացութիւնը փոխուի, եւ հայ հանրութիւնը մեծ յարգանքով  մօտենայ հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ու անոնց ասպարէզը դառնայ գրաւիչ նաեւ` առաջարկուող նիւթական hատուցումներով:

Առ այդ, ան որոշած է այսուհետեւ աւելի բարձր նիւթական գնահատումի արժանացնել իր հովանաւորած վարժարաններուն` Պէյրութի եւ Մարսէյի Ճեմարաններուն  հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Այսպէս, ներկայիս գործող ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն ամսական հատուցումը պիտի կրէ տասը առ հարիւրի (10%) անմիջական յաւելում, իսկ ապագային գործի կոչուողներուն ամսական հատուցումները պիտի ըլլան քսանհինգ առ հարիւրով (25%) աւելի բարձր, քան ուսուցչական ասպարէզին մէջ ընդհանրապէս ընդունուած եւ գործադրուող հատուցումները:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը յուսայ, որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի ծառայէ իբրեւ օրինակ, եւ նոյն մօտեցումը պիտի որդեգրուի կրթական մարզի այլ պատասխանատու հաստատութիւններու կողմէ: Կեդրոնական վարչութիւնը կը յուսայ նաեւ, որ այսուհետեւ հայ հանրութիւնը հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն նկատմամբ պիտի սկսի տածել այն յարգանքը, որուն արժանի են անոնք:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ
ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

17 հոկտեմբեր, 2012
Պէյրութ

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement