Friday May 24, 2013

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛ողջունէ Համաշխարհային Հայկական Քոնկրեսի Համագումարը Երեւանի Մէջ

By adminx - Thu Oct 18, 7:11 am

Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի նախագահ Արա Աբրահամեան յատուկ հրաւէր ուղղած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին` ներկայ գտնուելու եւ իր պատգամը ուղղելու այս օրերուն Երեւանի մէջ կայացող յիշեալ քոնկրեսի երկրորդ համագումարին:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը Աբրահամեանին ուղղած իր նամակին մէջ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի համագումարի կայացումը կը նկատէ կարեւոր քայլ մը հայ ժողովուրդի կեանքի ներկայ հանգրուանին` նկատի ունենալով, որ յիշեալ համագումարին ընթացքին լայնօրէն պիտի քննարկուին «Հայոց ցեղասպանութեան, ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման, սփիւռքահայ ինքնութեան պահպանման, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման, Հայաստանի մեր ժողովուրդի տնտեսական կեանքի բարելաւման եւ Հայաստանի առաւել հզօրացման առնչուած շարք մը հարցեր»: Ապա, վեհափառը կ՛աւելցնէ` «այս խնդիրները եւ ծրագիրները համահայկական բնոյթ ունին ու հետեւաբար համահայկական տարողութեամբ պէտք է քննարկուին եւ համապատասխան ուղեգիծեր ճշդուին: Վստահաբար, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսը ա՛յս ոգիով ու տեսլականով լծուած է աշխատանքի»:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը կ՛եզրափակէ հետեւեալ բառերով. «Պատմութեան մեծ իրագործումները կատարուած են հաւատքով, տեսիլքով ու միասնակամ ոգիով: Այսօր մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը մեծ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուին: Մենք կոչուած ենք, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, հաւատարիմ մեր պատմութեան ձայնին ու մեր պապերու սրբազան կտակին,  միասնաբար դիմագրաւելու բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները եւ մեր ազգն ու հայրենիքը առաջնորդելու դէպի պայծառ ապագայ»:

 

 

Leave a Reply

Advertisement