Ձմերուկը Եւ Քոլեսթերոլը
By adminx - Thu Oct 18, 5:32 am
- 0 Comments
- 577 views
- Tweet
Email
Print
Ամէն օր կտոր մը ձմերուկ ուտելով` կարելի է կանխել սրտի հիւանդութիւններու յառաջացումը, կը գրէ «Տը Տէյլի Մէյլը»:
Իւղոտ սնունդ ստացած մուկերու վրայ կատարուած փորձերը ցոյց տուած են, որ ձմերուկը 50 տոկոսով կը նուազեցնէ քոլեսթերոլի կուտակման ցուցանիշը:
Ամերիկացի գիտնականներ նաեւ բացայայտած են, որ ձմերուկի հետեւողական սպառումը կ՛օգնէ կշիռքի կարգաւորման եւ անօթիներուն մէջ ճարպային կուտակման նուազեցման:
Այս յատկութիւնը ձմերուկը կը պարտի սիթրուլլինին կոչուած նիւթին, որ միզանիւթի նիւթափոխականութեան մասանակցող ամինաթթու է, որ կը բարելաւէ արեան սնուցումը դէպի մկանները, կը բարձրացնէ տոկոնութիւնը, դիմադրողականութիւնը եւ ազատական հաւասարակշռութիւնը: Իսկ ազատի օքսիտը կ՛ընդլայնէ անոթները:
Այսպէս, գիտնականները հետազօտած են ճարպոտ սնունդ եւ ձմերուկի հիւթ խմած խումբ մը մուկերու վիճակը` քանի մը ամիս տեւողութեան վրայ եւ եկած են այն եզրակացութեան, թէ այն մուկերը, որոնք ձմերուկի հիւթ խմած են, 50 տոկոսով աւելի ցած քոլեսթերոլ արձանագրած են, քան` չխմողները:
Վերջապէս, հետազօտութիւնը նաեւ ցոյց տուած է, թէ ձմերուկի հիւթ խմած մուկերը 30 տոկոսով նուազ ծանրութիւն ունեցած են:
Փորձ-Հարցարան
Դրամը Կը Սիրէ՞ք
Դրամը կը սիրէ՞ք, ձեր կեանքին մէջ ի՞նչ տեղ կը գրաւէ, ի՞նչ դեր կը խաղայ, որքա՞ն արժէք կու տաք անոր: Այս բոլոր հարցումներուն պատասխանները գտէք` պատասխանելով ստորեւ տրուած հարցումներուն:
1
Եթէ ընթրիքի մը ընթացքին ձեզի հարց տան, թէ որքան դրամ կը շահիք,
ա.- Կը ստէք` աւելի մեծ գումար ըսելով:
բ.- Կը ստէք` աւելի պակաս գումար մը ըսելով:
գ.- Կ՛ըսէք` «Ձեզի չի վերաբերիր»:
ե.- Իրականութիւնը կ՛ըսէք:
2
Դրամը եղած է ծախսելու համար.
ա.- Ամբողջովին համաձայն էք:
բ.- Որոշ չափով համաձայն էք:
գ.- Որոշ չափով համաձայն չէք:
դ.- Երբեք համաձայն չէք:
ե.- Պատասխան չունիք:
3
Մեր օրերուն դրամ ունենալը`
ա.- Ծախսելու հաճոյք ունենալն է:
բ.- Ապահով զգալու միջոց է:
գ.- Յաջողութեան նշան է:
դ.- Իշխելու միջոց է:
ե.- Անկախ ըլլալու միջոց է:
4
Ձեր գործին տեսակը կը փոխէք, եթէ`
ա.- Աւելի լաւ վարձատրութիւն գտնէք:
բ.- Աւելի ապահով գործ գտնէք:
գ.- Աւելի հետաքրքրական գործ գտնէք:
դ.- Աւելի պատասխանատուութիւններ ստանձնէք:
ե.- Աւելի ազատ ժամեր ունենաք:
5
Զաւակներուն ապագային համար պէտք է դրամ խնայել,
ա.- Երբեք համաձայն չէք:
բ.- Որոշ չափով համաձայն չէք:
գ.- Ամբողջովին համաձայն էք:
դ.- Որոշ չափով համաձայն էք:
ե.- Կարծիք չունիք:
6
Երբ խօսուի անձի մը մասին, որ մէկ օրէն միւսը հարստացած է,
ա.- Կը հիանաք վրան:
բ.- Երանի կու տաք անոր:
գ.- Կասկածով կը մօտենաք:
դ.- Կ՛անհանգստանաք:
ե.- Հակակրանք կը զգաք:
7
Ձեր կարծիքով, ձեր ներկայ վիճակը արդիւնք է,
ա.- Ձեր ունեցած առաւելութիւններուն:
բ.- Ձեզի տրուած դաստիարակութեան:
գ.- Ձեր ընկերային միջավայրին:
դ.- Ձեր ճակտի քրտինքին:
ե.- Ձեր բախտին:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ «ա»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը ձեզի համար հաճոյքի աղբիւր է. անիկա ձեր փափաքները իրականացնելու միջոց է: Առանց դրամի` դուք բոլորովին դժբախտ կը զգաք:
Եթէ «բ»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը ձեզի համար պաշտպանութեան միջոց է: Անոր կարիքը ունիք դուք ձեզ ապահով զգալու համար:
Եթէ «գ»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը կը սիրէք, բայց չէք խոստովանիր: Չէք ուզեր, որ անիկա լուսարձակի տակ առնուի, կը նախընտրէք զայն պահել նեղ օրերուն համար:
Եթէ «դ»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը կը սիրէք դուք ձեզ փաստելու համար: Անոր շնորհիւ` դուք ինքնավստահ եւ զօրաւոր կը զգաք եւ որոշ հանգամանք կ՛ապահովէք ընկերութեան մէջ:
Եթէ «ե»-երու մեծամասնութիւն մը ունիք, դրամը անհրաժեշտութիւն մըն է, բայց մեծ բան չ՛ըսեր ձեզի, նոյնիսկ անտարբեր կը ձգէ: Անիկա միջոց մըն է եւ ոչ` նպատակ մը: Անիկա յաւելեալ երջանկութիւն կամ բաւարարութիւն չի տար ձեզի:
Նորաձեւութիւն
Հերմես Պայուսակները

Հերմես պայուսակի քանի մը նմուշ, ինչպէս նաեւ` Հերմես մետաքսեայ էշարփներէն ներշնչուած գեղեցիկ թիւնիք մը:
Եթէ ասկէ քանի մը տարի առաջ «Լուի Վուիթոն» Պըրպըրի կամ Լոնշան պայուսակները ողողեր էին շուկան եւ գրաւեր կիներուն սիրտը, այսօր կարգը Հերմեսինն է:
Հերմես նորաձեւութեան տան պատմութիւնը շատ հին է, Հերմեսը կը համարուի մրցակից` Շանէլ, Տիօր, Լանվէն, Ժիվանշի, արդէն իսկ դասականացած նորաձեւութեան տուներուն: Հերմեսը նշանաւոր եղած է իր մետաքսեայ էշարփներով (լէ քարէ Հերմես), բայց նաեւ` պայուսակներով:
Վերջին 2-3 տարիներուն շուկան ողողած են Հերմես պայուսակներուն կեղծուած օրինակները: Այս պայուսակներէն մէկ քանին յիսուն տարուան կեանք ունին եւ կը մնան միշտ նորաձեւ:
Հետաքրքրական Լուրեր
Ծանր Պայուսակը Հոգեկան
Խանգարում Կը Պատճառէ
Որքան ծանր է պայուսակը, այնքան մեծ է հոգեկան խանգարումի մատնուելու հաւանականութիւնը: Այս եզրակացութեան յանգած են Սինկափուրի եւ Հոնք Քոնկի ազգային համալսարաններուն գիտնականները:
Լուրջ ուսումնասիրութեան մը աւարտին մասնագէտները փոխադարձ կապ հաստատած են պայուսակի ծանրութեան եւ հոգեկան վիճակի միջեւ: Պարզուեր է, որ պայուսակի ծանրութիւնը ուղղակիօրէն կ՛ազդէ մարդուն տրամադրութեան վրայ եւ հոգեկան խանգարումի կը մատնէ:
Գիտնականներուն կարծիքով, ծանր բեռ ունենալը տխուր մտքեր կը յառաջացնէ մարդուն մօտ: Մասնագէտները կը նշեն, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ ենթագիտակցութեան մակարդակով, եւ թէ` այդ գործընթացը վերահսկելը անհնար է:
Այս հաստատումը մեզ կրկնակիօրէն կը մտահոգէ, երբ կը մտածենք մեր դպրոցականներուն եւ անոնց արտակարգօրէն ծանր պայուսակներուն մասին:
Անտեսուած Երեխաները
Մեծերու կողմէ երեխաներուն անտեսումը կրնայ անոնց կաթուածի հասցնել քանի մը տասնամեակ ետք:
Մարդիկ, որոնք մանկութեան բաւարար ջանքով չեն արժանացած իրենց ծնողներուն ուշադրութեան եւ գուրգուրանքին, աւելի յաճախ կաթուածի կ՛ենթարկուին հասուն տարիքին, պարզած են Շիքակոյի համալսարանի ամերիկացի բժիշկներ:
Այս հաստատումը, որ լոյս տեսած է «Տը Տէյլի Մէյլ» թերթին մէջ, կ՛ընդգրկէ, որ հետազօտութեան մասնակցած են 55 տարեկանէն վեր աւելի քան հազար մարդ: Անոնց հարց տրուած է մանկութեան տարիներուն ծնողներու եւ հարազատներու հետ իրենց յարաբերութիւններուն մասին:
Վիճակագրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անոնք, որոնք հաստատեր են, թէ անտեսուեր են ծնողներու կողմէ եւ մանկութեան տարիներուն պէտք եղած գուրգուրանքին չեն արժանացեր, կաթուածի ախտորոշումը գրեթէ երեք անգամ աւելի յաճախ է, քան անոնց մօտ, որոնք նման հարցեր չեն ունեցեր:
Խոհագիր
Մուլով Րիզոթօ
- 200 կրամ ձկնականջ (մուլ)
- 6 ապուրի դգալ ձէթ
- 2 պճեղ սխտոր
- Սոխ մը
- 300 կրամ կլոր հատիկով բրինձ
- 15 սանթիլիթր ճերմակ գինի
- 50 կրամ փարմըզան պանիր
- աղ, սեւ փոշի պղպեղ
- 1 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
Պատրաստութիւն
Ուսք տապակի մը մէջ երկու ապուրի դգալ ձէթ տաքցուցէք եւ մաքրուած ձկնականջները (մուլ) երկու վայրկեան մէջը դարձուցէք, ապա ուսքէն հանեցէք ու մէկ կողմ դրէք:
Նոյն տապակին մէջ դարձեալ երկու ապուրի դգալ ձէթ տաքցուցէք, աւելցուցէք մանրուած սոխը եւ ճզմուած սխտորը երկու վայրկեան ետք աւելցուցէք բրինձը, խառնեցէք, աղեցէք եւ համեմեցէք:
Աւելցուցէք գինին, ապա 75 սանթիլիթր տաք ջուր շերեփ-շերեփ եւ տեւաբար խառնեցէք:
Կրակին տակ թեթեւցուցէք, աւելցուցէք ձկնականջը, մնացեալ ձէթը, փարմըզան պանիրը եւ մանրուած ազատքեղը: Զգուշութեամբ խառնեցէք, մարեցէք, երբ զգաք, որ բրինձը եփած է:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հայերուս Թուքը
Դուն խելօք հաշուով վաճառական ես,
Միւլք, փող ու ապրանք, կ՛ասեն շատ ունես,
Բայց թէ փողէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, փողիդ ալ վրան:Քաջ ես, լըսել ենք, ինքդ մեծաւոր,
Անուն յաղթողի ունիս փառաւոր,
Բայց թէ թըրէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, թըրիդ ալ վրան:Ի վերուստ քանքար քեզի տուած է,
Հեղինակ անունդ աշխարհ փըռուած է,
Բայց թէ գըրչէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, գըրչիդ ալ վրան:Հեռատես մըտքով դուն զարդարեցիր,
Հըզօր իշխանի սիրելի դարձար,
Բայց թէ մըտքէդ շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, մըտքիդ ալ վրան:Բանուկ ու ճարտար դուն ունիս ձեռքեր,
Շատ կը յօրինես թանկագին բաներ,
Բայց թէ ձեռքէդ Շահ չունի Հայաստան,
Թըքել ենք քու ալ, ձեռքիդ ալ վրան:Մեծ ուսում առիր, եղար գիտնական,
Գովքովդ լըցուած է մարդոց բերան,
Թէ ուսումէդ շահ չունի Հայաստան,
Թքել ենք քու ալ, ուսմանդ ալ վըրան:Կու տամ քեզ պատիւ, կ՛ունենաս դու յարգ
Ու կը դնեմ քեզ ազնիւ մարդոց կարգ,
Երբ օրօրանէդ մինչ ի գերեզման,
Միակ ձըգտմունքըդ լինի Հայաստան:ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ
Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
- 0 Comments
- 577 views
- Tweet
Email
Print




