Wednesday Jun 19, 2013

4 Նոյեմբեր 2012-ին Լիբանանի Ճատրակի 2012-ի Դպրոցական Ախոյեանութիւն

By adminx - Wed Oct 17, 6:07 am

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի կրթութեան նախարար Հասան Տիապի կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ճատրակի 2012-ի դպրոցական ախոյեանութիւնը` Պիր Հասան շրջանին մէջ գտնուող Ուահտէ Ռիատիէ մարզահամալիրին մէջ:

Իւրաքանչիւր վարժարան իրաւունք ունի քսան երկսեռ մարզիկով մասնակցելու այս ախոյեանութեան` հինգ տարբեր դասակարգերու մէջ (8, 13, 12, 14 եւ 16)

Տիտղոսին կը տիրանայ այն վարժարանը, որ կ՛ապահովէ ամէնէն շատ կէտերը:

Ախոյեանութեան աւարտին պիտի տրուին երեք բաժակներ` առաջին երեք դիրքերը գրաւողներուն (տղաք եւ աղջիկներ), բոլոր դասակարգերուն մէջ, ինչպէս նաեւ մետալներ:

Իւրաքանչիւր վարժարան պաշտօնական թուղթի վրայ պէտք է արձանագրած ըլլայ մասնակցողներուն անունները, անոր կցուած մասնակցութեան սակը` 20 հազար լիբանանեան ոսկի (իւրաքանչիւր մասնակցողի համար), ինչպէս նաեւ այդ աշակերտին դպրոցական անդամաքարտը:

Ախոյեանութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, իսկ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ժամը 18:00-ին:

Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 1 նոյեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 19:00-ին:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 01-842591` Պիր Հասանի համալիր-Ուահտէ Ռիատիէ, 03-955700` ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար եւ 70-099483` Հանի Միքաթի:

 

 

Leave a Reply

Advertisement