Սամպօ. Գոռ Մայիլեան Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան
By adminx - Wed Oct 17, 6:05 am
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print
Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած սամպոյի պատանիներու, աղջիկներու եւ երիտասարդներու աշխարհի 2012-ի ախոյեանութեան մրցումներուն, 56 քկ դասակարգին մէջ Գոռ Մայիլեան ոսկի մետալ մը ապահովեց Հայաստանին` հանդիսանալով աշխարհի ախոյեան:
Լուրը, որ հրապարակեց «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` օգտագործելով Հայաստանի «Սամպոյի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը, կ՛աւելցնէ ըսելով, որ խմբային ընդհանուր դասաւորման մէջ Հայաստան հանդիսացաւ երրորդ` Ռուսիոյ եւ Վրաստանի ետին:
Նոյն այս արդիւնքը հայրենի մարզիկները արձանագրած էին 2012-ի Եւրոպայի պատանիներու, աղջիկներու եւ երիտասարդներու ախոյեանութեան ալ` գրաւելով 3-րդ դիրքը:
Այսպիսով, Հայաստան այս ախոյեանութիւնը աւարտեց մէկ ոսկի, երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալով:
- 0 Comments
- 17 views
- Tweet
Email
Print



