Thursday May 23, 2013

Հայաստանի Ֆութպոլի Պատանիներու Հաւաքականներուն Ձախողութեան Պատճառները

By adminx - Wed Oct 17, 6:04 am

Անդրադառնալով Հայաստանի ֆութպոլի պատանիներու հաւաքականներուն (17 եւ 19 տարեկանէն վար) վերջին տարիներուն Եւրոպայի մէջ արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն, Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը վերլուծէ կարգ մը կէտեր, զորս կ՛ուզենք յանձնել մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան:

Ստորեւ` հայկական աղբիւրին հրապարակած լուրին կարգ մը կարեւոր բաժինները.

«Պատանիներու հաւաքականները կատարեցին 6 մրցումներ, որոնց ընթացքին ոչ մէկ կոլ նշանակեցին եւ իրենց բերդին մէջ ստացան 22 կոլ: Այսպիսի ձախող արդիւնքներ կ՛արձանագրեն ֆութպոլի առումով Եւրոպայի քիչ մը յետամնաց երկիրները, որոնց կարգին` Սան Մարինօ, Լիւքսամպուրկ, Ֆարօ կղզիներ եւ այլն:

«Հայաստանի 0-22 ցուցանիշը կու գայ ըսելու, որ պատանի ֆութպոլիստներուն բարձրագոյն խումբի ակումբներուն մաս կազմելը չի նշանակեր, որ կարելի է զօրաւոր հաւաքականներ ունենալ:

«Եթէ վիճակագրութեան նայինք, ապա կը տեսնենք, որ կոլերուն մեծ մասը Հայաստանի հաւաքականները ստացած են Բ. կիսախաղին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնց ֆիզիքականը այդքան ալ լաւ չէ եւ առիթ կու տայ մրցակիցներուն, որ առաւելութիւն ձեռք ձգեն մեր կազմին վրայ:

«Հայաստանի պատանիներու հաւաքականները ֆութպոլի շատ հազուադէպ բարեկամական մրցումներ կը կատարեն, ինչ որ բնականաբար իր վատ անդրադարձը կ՛ունենայ պաշտօնական մրցումներուն ընթացքին:

«Պարզ օրինակ մը տալու համար, մեր դրացի Վրաստանի պատանիներու հաւաքականները տարւոյն ընթացքին կը մասնակցին տարբեր տեսակի մրցաշարքերու եւ անոնց զուգահեռ կը կատարեն բարեկամական մրցումներ եւ ուսումնամարզական հաւաքներ: Նոյնը կարելի է ըսել այլ երկիրներու մասին ալ:

«Կայ նաեւ այլ կարեւոր կէտ մը. ֆութպոլիստներուն մօտ կը բացակայի յաղթողի հոգեբանութիւնը: Անոնք թէեւ այդ սխալը չեն գործեր Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, սակայն միջազգային գետնի վրայ ատիկա բաւական զգալի է:

«Արտասահմանի ակումբներուն մաս կազմող մարզիկները եթէ միանան այս հաւաքականներուն, պատկերը ամբողջութեամբ կը շրջուի: Անհասկնալի պատճառներով, անոնցմէ միայն քիչերն են, որոնք կը կրեն հաւաքականներու շապիկը:

«Վերջապէս, արձանագրուած արդիւնքներուն մէջ իրենց յանցանքը ունին նաեւ գլխաւոր մարզիչները` Ռոման Սիմոնեան (17 տարեկաններու հաւաքական) եւ Աշոտ Աւետիսեան (19 տարեկանէն վար):

«Սակայն, փաստը այն է, որ անոնք հաւաքականները Եւրոպայի ախոյեանութեան պատրաստելու պատշաճ կարելիութիւնները չունին: Հետեւաբար, անոնց աշխատանքին ամբողջական գնահատականը տալը դժուար է»:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement